«էրմէնիհապեր».-2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ, ատրպէյճանական զինուժի բռնագրաւած տարածքին՝ Վարանդայի (Ֆիզուլիի) մէջ կառուցուող օդակայանին մէջ օդանաւի փորձ֊թռիչք կատարուած է: «Ատրպէյճանի Օդագիծեր» ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ ATR 42-500 վարկանիշի մարդատար օդանաւը փորձ֊թռիչք ու վայրէջք կատարած է Ֆիզուլիի մէջ: Յիշեցում կատարուած է, որ այդ օդակայանի հիմնարկէքը տեղի ունեցած է 15 Յունուար 2021-ին, որուն մասնակցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: