«Երկիր Մետիա».-Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ 1915 թուականէն ի վեր առաջին անգամ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանի գլխաւորութեամբ պատարագ մատուցուած է: Պատարագին մասնակցած են հոգեւորականներ Թաթուլ Անոյշեան, Յովակիմ Սերոբեան, Տրդատ Ուզունեան, Անթագիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Աւետիս Թաբաշեան, Շիրվան Միւրեան, Շահէն Օհանեան եւ տարբեր նահանգներէն եկած բազմաթիւ հիւրեր: Պատրիարք Սահակ Մաշալեան յայտարարած է, որ երջանիկ է աւելի քան մէկդարեայ դադարէն վերջ եկեղեցին հաւատացեալներուն համար վերաբացուած տեսնելուն համար: Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւած պատարագին մասնակցած է նաեւ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը: Այսուհետեւ տեղւոյն քրիստոնեաները կրնան եկեղեցւոյ մէջ պատարագներ մատուցել, կատարել իրենց մկրտութեան արարողութիւններն ու պսակները: Մալաթիոյ սուրբ Երրորդութիւն Հայ Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը սկսած է 1878-էն եւ աւարտած է 1893-ին: 1915-էն եկեղեցին, որպէս զօրանոց եւ բանտ գործածուած է, երկար ժամանակ աւերակ մնացած է: Եկեղեցւոյ վերանորոգման վերջին աշխատանքները մեկնարկած էին 2012 թուականին եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններու, պետութեան հետ կապուած հարցերու, ինչպէս նաեւ ոչ բաւարար պիւտճէի պատճառով մինչեւ 2021 չէին աւարտած: 2021-ին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են, եւ եկեղեցին 106 տարի անց պատարագով կրկին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու որոշումով վերակառուցումէն վերջ եկեղեցին պիտի ծառայէ նաեւ որպէս մշակոյթի կեդրոն: