Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը հաղորդած է, որ ԱՀ ոստիկանութեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէն ստացուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ եւ քաղաքացիներու աչալրջութեան շնորհիւ, սոյն թուականի 25 Օգոստոսին ԱՀ Մարտակերտ քաղաքի Տէրեան փողոցի բնակարանի մը մէջ յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական ծառայող Ճամիլ Պապաեւ: «Նոյն օրը ան բերման ենթարկուած է ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: Յարուցուած է քրէական գործ առերեւոյթ ԱՀ պետական սահմանը ապօրինի հատելու, յիշեալ բնակարանի անչափահաս բնակիչներուն սպանութեան սպառնալիք տալու եւ լրտեսութեան յատկանիշներով նախատեսուած յանցաւոր դէպքերու առնչութեամբ: Պապաեւ ձերբակալուած է, կատարուած է հետաքննութիւն: Սոյն դէպքի հանգամանքներուն մասին յառաջիկային կտրուի լրացուցիչ տեղեկատուութիւն: Միաժամանակ յարկ կը համարենք արձագանգել սոյն դէպքին շուրջ երէկուընէ սկսած հրապարակումներուն: ԱՀ դատախազութիւնը անընդունելի համարած է Արցախի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին անվտանգութեան ու ռազմական ոլորտին առնչուող տեղեկութիւններու տարածման, հրապարակման, համացանցային տիրոյթ ներբեռնելու եւ ինքնագործունէութեան նմանատիպ այլ դրսեւորումները: Անոնք յաճախ կրնան յառաջացնել անդառնալի հետեւանքներ, խոչընդոտել այլ յանցագործութիւններու արագ կանխումը, խափանումը եւ դէպքի հանգամանքներու լիարժէք բացայայտման գործին, յառաջացնել չհիմնաւորուած խուճապ կամ անվերահսկելի ու անկառավարելի վիճակ` իր բոլոր բացասական հետեւանքներով, որոնք կը կարծենք հասկնալի ու կռահելի են: Նման դրսեւորումները կը զուգորդուին նաեւ մարդոց անձնական կեանքի առնչութեամբ տեղեկութիւններու հրապարակումով, տուժողի բնակարանի, ինքնութեան կամ անձնական այլ տուեալներու բացայայտումով, որ դարձեալ բացառման ենթակայ է: Երբ իրաւապահ մարմինները քննարկած են հակառակորդի կողմէն կարելի գործողութեան կազմակերպման կամ յանցաւոր խումբի կողմէն ԱՀ տարածք ներթափանցելու եւ լրտեսելու մատչելի վարկածները, որոնց պատշաճ քննարկումը եւ յանցաւորները յայտնաբերելու կարելիութիւնը ուղղակիօրէն փոխկապակցուած է յանցակիցի բացայայտման դէպքի գաղտնիութեան հետ, իսկ անոր զուգահեռ` ԱՀ քաղաքացիներու կամ այլ անձերու կողմէն ընթացքի մէջ է դէպքի հանգամանքներու ինքնագլուխ լուսաբանում կամ տարածում, ապա այդպիսի իրավիճակի մէջ յաջողութեան հասնելու պարագան գրեթէ դժուար է: Այդպիսի իրավիճակներէն խուսափելու համար կարեւոր են իրաւապահ մարմիններու մասնագիտական որակները, այս կամ այն քննչական գործողութեան կազմակերպման ներգործօնութիւնն ու գաղտնիութեան ապահովման հմտութիւնները, սակայն քաղաքացիներու կողմէն քաղաքացիական գիտակցութիւն, համբերատար զսպուածութիւն ցուցաբերելը, այս կամ այն լուրը առաջինը տարածողի` հանրօրէն վտանգաւոր հետեւանքներ ծնող գայթակղութենէն զերծ մնալու պարտադիրութեան գիտակցումը անհրաժեշտութիւն է: Կը հաւաստիացնենք, մերօրեայ արտաքին ու ներքուն սպառնալիքներու, վտանգներու պայմաններու մէջ ԱՀ դատախազութիւնը բաց ու հրապարակային է աննախադէպ չափով` պատրաստ պատասխանելու հրապարակման ենթակայ ու գաղտնիք չպարունակող տեղեկութեան մասին որեւէ հարցումի: Ուստի նման իրավիճակներու մէջ առաւել նպատակայարմար է ապաւինիլ տեղեկութեան ստացման սահմանադրական իրաւունքներուն», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ: