ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան յայտնած է. «Ազգային Ժողովի Հայաստան խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ խորհրդարանի կառավարութեան ծրագիրին քուէարկութեան: «Նկատի առնելով ծրագիրին բաւական թերի ուղղութիւնները` «Հայաստան» կը կարծէ, որ այդ ծրագիրը դուք, միեւնոյնն է, պիտի ընդունիք, մենք այդ ծրագիրի քուէարկութեան պիտի չմասնակցինք», ըսած է Օհանեան: