Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս որ­պէս գրող, մտա­ւո­րա­կան, հայ մշա­կոյ­թի նուիր­եալ՝ մե­ծա­պէս նա­խան­ձախն­դիր եղած է հայ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րուն, հայ գի­րին ու դպ­րու­թեան հան­դէպ, իսկ հրա­տարակ­չա­կան մար­զի յա­րա­ճուն զար­գաց­ման շօ­շա­փե­լի ապա­ցոյ­ցը՝ Իր Գա­հա­կա­լու­թեան քսան­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Կա­թո­ղի­կո­սութ­եան տպա­րա­նէն կամ Կա­թո­ղի­կո­սութ­եան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ լոյս տե­սած հա­տոր­նե­րու պատ­կա­ռե­լի թիւը հան­դի­սա­ցած է, հա­յե­րէն, արա­բե­րէն եւ օտար լե­զու­նե­րով, որոնք հո­գե­ւո­րին, եկե­ղե­ցա­կա­նին, աստ­ուա­ծա­բա­նա­կա­նին, պատ­մա­կա­նին, մա­տե­նագ­րա­կա­նին, գրա­կա­նին, ու­սում­նա­սի­րա­կա­նին կող­քին լայն տա­րո­ղու­թեամբ ընդգր­կած են՝ հայ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րուն եւ Հայ Դա­տին նուիր­ուած բարձ­րո­րակ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­ներ, օտար­նե­րուն եւ մաս­նա­ւո­րա­բար արա­բա­կան-իս­լա­մա­կան  աշ­խար­հին զա­նոնք ծա­նօ­թաց­նե­լու նպա­տա­կա­մէտ ծրագ­րում­նե­րով։
Այս­տեղ յի­շար­ժան է Ն.Ս. Յով­հան­նէս-Պո­ղօս Բ. Պա­պին կա­րե­ւոր վկա­յու­թիւնը, որ կա­տա­րած է Վե­հա­փառ Հա­յրա­պե­տին Վա­տի­կան տուած պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին (22-28 Յուն­ուար 1997թ.).
«Կալ­ուած մը կայ, որ մեր սր­տին մօտ է, Ձե­զի սի­րե­լի Եղ­բայր, եւ ին­ծի. ատի­կա մշա­կոյթն է։ Տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր, Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ստեղ­ծա­գործ եւ ճա­ռա­գայ­թող կեդ­րոնն է, իր աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան Դպ­րե­վան­քով, իր տար­բեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով եւ բազ­մա­թիւ տպագ­րու­թիւն­նե­րով, շնոր­հիւ մեծ թիւով մաս­նա­գէտ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու եւ աշ­խար­հա­կան­նե­րու…»։
Հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու բո­լո­րա­կէն ներս այս­տեղ կ’ար­ժէ ամ­փոփ կեր­պով ներ­կա­յաց­նել հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին բնոյթ դր­սե­ւո­րող եւ «ՀԱՅ ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԻՆ» խո­րագր­եալ հա­տո­րը, ուր գիր­քին առա­ջին էջե­րուն՝ Նա­խա­բա­նէն սկս­եալ, Վե­հա­փառ Հա­յրա­պե­տը իբ­րեւ Հայ Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ Հով­ուա­պետ, հմուտ Վար­չա­գէտ,  հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող հայ Էքիւ­մէ­նիստ, նա­եւ հրա­ւէ­րի, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ու երկ­խօ­սու­թեան Մարդ, յս­տա­կօ­րէն, հա­մա­պար­փակ եւ առար­կա­յա­կան մօ­տե­ցու­մով՝ յա­ջոր­դա­կան գլուխ­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հայ Եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւնը, նուի­րա­պե­տա­կան կար­գե­րը, հա­ւատ­քի հի­մունք­նե­րը, հա­րուստ եւ իւ­րա­յա­տուկ ծէ­սը, ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը՝ մշա­կու­թա­յին, քրիս­տո­ն­է­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան, կր­թա­կան, յա­րա­բե­րա­կան, միջ-եկե­ղե­ցա­կան, քրիս­տոն­եայ-իս­լամ  երկ­խօ­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս, հրա­տա­րակ­չա­կան մար­զի մեծ իրա­գոր­ծում­նե­րով հան­դերձ, մի­ա­ժա­մա­նակ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին ու տն­տե­սա­կան տար­բեր տագ­նապ­նե­րու լոյ­սին տակ իբ­րեւ «Ժո­ղո­վուր­դին Եկե­ղե­ցին»՝ դի­մագ­րա­ւած առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու մար­տահ­րա­ ւէր­նե­րը, ի խն­դիր պատ­մա­կան առա­քե­լու­թեան պահ­պան­ման եւ արդ­ի­ա­կա­նաց­ման, նոյ­նինքն հայ երի­տա­սար­դու­թեան գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Եւ դեռ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Իր ապա­գա­յա­տե­սիլ հայ­եաց­քով քն­նար­կե­լով վե­րո­յիշ­եալ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, յար­մար լու­ծում­ներ առա­ջար­կած է։ Իսկ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան վե­րա­սահ­մա­նու­մի պա­րա­գա­յին, երեք հիմ­նա­կան հար­ցադ­րում­ներ­ կա­տա­րե­լով՝ եկե­ղե­ցա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ իշ­խա­նու­թեան առում­նե­րով, ընդգ­ծած է Հայ Եկե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան հրա­տապ անհրա­ժեշ­տու­թիւնը։
Հայ Եկե­ղեց­ւոյ նուիր­ուած գրա­կա­նու­թեան մէջ իւ­րա­յա­տուկ տեղ գրա­ւող այս բարձ­րար­ժէք հա­տո­րը, առա­ջին ան­գամ լոյս տե­սած է 2016 թուա­կա­նին, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թողի­ո­սու­թեան կող­մէ, անգ­լե­րէն   (241 մի­ջակ չա­փի էջ, նա­խա­բան, յա­ռա­ջա­բան, տա­սը գլուխ­ներ, յա­ւել­ուած­ներ), եւ ար­դէն թարգ­ման­ուած է ֆրան­սե­րէ­նի, ռու­սե­րէ­նի, գեր­մա­նե­րէ­նի, յու­նա­րէ­նի, արա­բե­րէ­նի.
«Ար­դա­րեւ, եր­կա՜ր տա­րի­նե­րէ ի վեր կա­րի­քը կը զգաց­ուէր մեր եկե­ղեց­ւոյ մա­սին ամ­բող­ջա­կան, իր հիմ­նադ­րու­թեան օրէն մին­չեւ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րը, ներ­կա­յաց­նող հա­տո­րի մը։ Նման հա­տո­րի մը կա­րե­ւո­րու­թիւնը նկա­տի ու­նե­նա­լով, յատ­կա­պէս մեր եկե­ղե­ցին օտար­նե­րու ներ­կա­յաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէն, լծ­ուե­ցանք յիշ­եալ հա­տո­րի պատ­րաս­տու­թեան։ Անգ­լե­րէ­նի կող­քին, այլ լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւնը եւս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն էր։ Այդ շար­քին մէջ բնա­կա­նա­բար առաջ­նա­հերթ տեղ պի­տի գրա­ւէր արա­բե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնը»։
Ան­վա­րան, Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի միտ­քին, հոգի­ին, գրի­չին եւ հով­ուա­կան ու հով­ուա­պե­տա­կան ան­սահ­ման փոր­ձա­ռու­թեան պեր­ճա­խօս ար­գա­սի­քը հան­դի­սա­ցող աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան, եկե­ղե­ցա­կան, միջ-եկե­ղե­ցա­կան, ու­սում­նա­սի­րա­կան եւ այլ բնոյ­թի հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն ու ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով լոյս տե­սած աւե­լի քան եր­կու տասն­եա­կի հաս­նող հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րուն շար­քին, նշա­նա­կա­լից դիրք պար­զող սոյն հա­տո­րը, Հայ Եկե­ղե­ցին իր ամ­բող­ջա­կան դի­մա­գի­ծով ու նկա­րա­գի­րով օտար­նե­րուն, մա­նա­ւանդ արա­բե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնը արա­բա­կան-իս­լա­մա­կան աշ­խար­հին ճշգըրտ­օ­րէն ծա­նօ­թաց­նող, իսկ քրիս­տոն­եայ-իս­լամ երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ միջ-կրօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով ժա­մա­նա­կա­կից նոր հե­ռան­կար­ներ ճշ­դող լր­ջա­գոյն աշ­խա­տանք մըն է, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հա­րուստ կեն­սա­փոր­ձին եւ Առա­քե­լա­կան Ծա­ռա­յու­թեամբ պա­րուր­ուած։
Նշե­լի է թէ՝ այս հա­տո­րին եւ անոր արա­բե­րէն թարգ­մա­նու­թեան լայ­նօ­րէն ար­ձա­գան­գած են լի­բա­նան­եան մա­մուլն ու հե­ռուս­տա­ցոյ­ցը, եւ Մի­ջին Արե­ւել­եան բազ­մա­թիւ շր­ջա­նակ­ներ։
Հուրի Ազէզեան
Հալէպ, 2 Օգոստոս 2021