1.Ար­դիւն­քով, իբ­րեւ ար­դիւնք, իբ­րեւ հե­տե­ւանք
Կը թուի, թէ մեր լե­զուն պի­տի եր­կար կրէ  ռու­սա­կան  այս  քաղց­կե­ղը, որ ահա վեր­ջին տա­րի­նե­րը թա­փան­ցեց մեր բար­քե­րուն մէջ, ար­ժա­նա­ցաւ  անոր մե՛րթ բա­րե­խառն, մե՛րթ ջերմ վե­րա­բե­րու­մին,  հուսկ՝ լի­ար­ժէք տուն-տեղ դար­ձաւ, եւ այս բո­լո­րը  փու­թա­ջան միջ­նոր­դու­թեամ­բը արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի:
Այ­սօր մեր գրող­նե­րը, յատ­կա­պէս լրագ­րող­նե­րը, բայց նա­եւ այ­լա­զան  գրա­սեն­եակ­ներ՝ իրենց քար­տու­ղար­նե­րով, իրա­րու ձեռ­քէ կը խլեն այս աղ­բե­րը:
Հրա­մեր էք՝
ևԶին­եալ մի­ջա­դէ­պի մը իբ­րեւ հե­տե­ւանք Հա­սան Ղոսն վրէժխնդ­րու­թիւն կա­տա­րեց: (անդ)
ևԶին­ուած ու­ժե­րու ար­դիւն­քով Ատր­պէյ­ճան դադ­րե­ցու­ցած է աշ­խա­տանք­նե­րը (անդ):
Պարզ է որ ասոնց առա­ջի­նը պէտք է ըլ­լայ հե­տե­ւան­քով, երկ­րոր­դը՝ շնոր­հիւ:
Եր­կու միւ­ռո­նի պէս հա­յե­ցի բա­ռեր, որոնք ար­դէն ցն­դած են  լրագ­րո­ղին շուր­թե­րէն:
Եւ իմա­ցա­կան ոլոր­տէն:
Այլ ան­կիւն մը.
ևԱն­հե­ռա­տես հա­շիւ­նե­րու ար­դիւն­քով քանդ­ուե­ցան մեր երազ­նե­րը (անդ):
ևԽայ­տա­ռակ ձա­խո­ղութ­եան ար­դիւն­քով ստո­րագր­ուած պայ­մա­նագ­րով…(անդ):
ևԱր­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի ար­դիւն­քով հա­յու­թիւնը ու­նե­ցաւ…(անդ):
ևՂե­կա­վա­րու­թիւնը  ծուն­կի եկաւ իր յի­մար հա­շիւ­նե­րուն ար­դիւն­քով… (անդ):
Ուր չորսն ալ պար­տէ­ին ըլ­լալ հե­տե­ւան­քով, թէ­կուզ պատ­ճա­ռով:
Ինչ­պէս կը նկա­տէք, գրո­ղը  ուղ­ղա­կի սի­րա­հա­րած է իր գիւ­տին, հար­բած է անոր իմաս­տա­բա­նա­կան, գե­ղար­ուես­տա­կան ու ոճա­բա­նա­կան շո­յիչ հն­չե­ղու­թեամբ, ուս­տի կը հա­ճո­յա­նայ  քա­նի մը տո­ղը ան­գամ մը կրկ­նե­լով զայն :
Եւ այն­քան տար­ուած է, մինչ  ան­դին չի տես­ներ քի­թին տակ տո­ղան­ցող կո­չա­կան­նե­րը.
ևՈղ­բամ զքեզ յի­մար հայ ժո­ղո­վուրդ (անդ):
Փո­խա­նակ՝ «Ող­բամ զքեզ, յի­մա՛ր հայ ժո­ղո­վուրդ»:
ևՈղ­բամ զքեզ դժ­բախտ Ար­ցախ…(անդ):
Փո­խան՝ «Ող­բամ զքեզ, դժ­բա՛խտ Ար­ցախ»:
ևՈղ­բամ զքեզ որ­բուկ Շու­շի (անդ):
Փո­խա­նակ՝ «Ող­բամ զքեզ, որ­բո՛ւկ Շու­շի»:
Այս­քան սխալ­նե­րով հն­չած ող­բը… չի տպա­ւո­րեր, այլ քմ­ծի­ծա­ղի տե­ղիք կու տայ  պար­զա­պէս եւ ծի­ծա­ղե­լի կը դարձ­նէ  ող­բի են­թադր­եալ առար­կան եւս, որ­քան ալ նուի­րա­կան ըլ­լայ ան:
Ու տա­կա­ւին՝
ևԱտր­պէյ­ճանն ու Թուրք­ի­ան Հա­յաս­տա­նի վրայ շղ­թա­յա­զեր­ծե­ցին պա­տե­րազ­մը (անդ):
Պա­տե­րազ­մը մէ­կուն վրայ չեն  շղ­թա­յա­զեր­ծեր, այլ մէ­կուն՝ դէմ:
2. Մե­րին Պո­լի­սը՝ իր լեզ­ուա­կան մար­գա­րիտ­նե­րով
ևԹր­քա­հայ իրա­կա­նու­թե­նէն վեր­ջին օրե­րուն շատ սի­րե­լի եւ հա­մակ­րե­լի դէմ­քի մը աստ­ղը սա­հե­ցաւ (անդ):
Կա­րե­լի է ըսել, թէ ամէն արեւմ­տա­հայ հոս­հոս հեշ­տու­թեամբ պի­տի հասկ­նայ ըսել ուզ­ուա­ծը.  գա­ղու­թը կորսն­ցու­ցած է մե­ծար­ժէք ազ­գա­յին մը: Թե­րեւս հի­մա մտա­ծող­ներ ալ ըլ­լան, թէ ի՛նչ է ու­զածս կամ փնտ­ռածս, քա­նի ամէն բան ըմբռ­նե­լի ու ճիշդ է:
Կր­նայ ըմբռ­նե­լի  ըլ­լալ, սա­կայն  ճիշդ  չէ՛:
Հա­յե­րէ­նը նն­ջեց­եա­լի մը աստ­ղը բնաւ սա­հիլ բա­յով չի բա­ցատ­րեր, նման ոճ չու­նի հա­յե­րէ­նը: Տե­ղէ մը բեր­ուած եւ կու­րօ­րէն թարգ­ման­ուած  բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւն է «աստ­ղը սա­հիլ», որ ոչինչ կը թե­լադ­րէ հա­յե­րէն:
Հա­յե­րէ­նը այս պա­րա­գա­յին կ’ըսէ՝ աստ­ղը մա­րե­ցաւ, աւե­լի վե­րամ­բարձ՝ շի­ջե­ցաւ, սա­կայն ո՛չ սա­հե­ցաւ: Մա­նա­ւանդ որ աստ­ղի մը սա­հի­լը եր­կին­քի վրայ ան­պայ­ման այդ աստ­ղին վեր­ջը կամ  մա­հը չէ: Մերկ աչ­քով ալ կա­րե­լի է լուս­նակ գի­շեր­նե­րը նկա­տել, թէ ինչ­պէ՛ս աստ­ղեր «կը սա­հին»՝ գե­ղա­սա­հոր­դի մը նա­զան­քով, սա­կայն չեն մեռ­նիր, կ’եր­թան ու­րիշ տեղ մը «կը թա­ռին», տեղ կը փո­խեն պար­զա­պէս:
ևՍա­հա­կօղ­լու իր շի­նիչ  յատ­կու­թիւն­նե­րով ար­ժա­նա­ցած էր թէ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն եւ թէ շփ­ման ան­ցած պոլ­սա­հայ հա­մայն­քի բո­լոր խա­ւե­րուն հա­մակ­րան­քին (անդ)։
Աս ալ ու­րիշ ոս­կոր մըն է, որ կը մնայ կո­կորդդ ու «չի սա­հիր» վար:
Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ կամ  ի՞նչ բա­նի կ’ակ­նար­կէ  «հա­մայն­քի հա­մակ­րան­քին շփ­ման անց­նիլ», ի՞նչը ին­չի՛ն կը շփ­ուի, եւ ի՛նչ տե­սակ շփում է  տե­ղի ու­նե­ցա­ծը:
Ասոնք հասկ­նա­լու բո­լոր ճի­գերս զուր ան­ցան:
Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ:
Ին­ծի կը թուի, թէ մեր ամ­բողջ կեան­քի ընթացքին սոր­վե­լիք  ու­նինք:
Ինչ կ’ըլ­լար, քիչ մըն ալ սոր­վեց­նող ու­նե­նա­յինք:
ևՍա­հա­կօղ­լու  իր  հե­զու­թեան մէջ եր­բեք չէր փոր­ձած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ինք­նա­գո­վու­թեան առար­կայ դարձ­նե­լու (անդ):
Ահա պատ­կա­ռե­լի տա­րի­քով ազ­գա­յին մը՝ նոյն  Սա­հա­կօղ­լուն (այսինքն՝ Սա­հակ­զա­տէ, Սա­հա­կոր­դի),  որ կը յատ­կանշ­ուի իր հե­զու­թեամբ:  Այս հե­զու­թիւնը կը յի­շեց­նէ ին­ծի ման­կա­պար­տէ­զը, ուր մեր ձեռ­քե­րը խա­չա­ձե­ւած  մեր կուրծ­քին վրայ, լուռ, ան­ձայն, խե­լօք, մա­նա­ւանդ ան­շարժ պէտք է  հե­զօ­րէն նա­յէ­ինք օրի­որ­դին աչ­քե­րուն, այ­լա­պէս…
Այ­լա­պէս շա­ռա­չուն ապ­տա­կը կ’իջ­նէր երե­սիդ՝ այն օրե­րու ման­կա­վար­ժա­կան սկզ­բունք­նե­րուն թե­լադ­րան­քով եւ պա­հան­ջով:
Այս­պէս՝ չորս-հինգ տա­րե­կա­նիս:
Բայց երբ այդ բո­լո­րը կը փո­խադ­րեմ մազ-մօ­րուք ճերմկ­ցու­ցած Սա­հա­կօղլ­ուին վրայ…չեմ յա­ջո­ղիր զս­պել քմ­ծի­ծաղս:
Խեղճ Սա­հա­կօղ­լու եւ իր հե­զու­թիւնը:
Եւ խե՜ղճ  հայ լրագ­րող,  որ կը շփո­թէ հա­մես­տու­թիւնը,  խո­նար­հու­թիւնը՝ հե­զու­թեամբ:
Արմենակ Եղիայեան