ԱՊՏԱԿԸ

 

Չեմ յիշեր ո՛չ օրը եւ ոչ ալ ժամը: Մի՛ հարցնէք ինչո՞ւ, կը խնդրեմ, որովհետեւ նոյնիսկ չեմ յիշեր այդ օրուան ուսերէն կախուած այլ մանր-մունր մանրամասնութիւններն ալ: Այդ բոլորը մտքիս ծալքերէն արդէն շատոնց ջնջուած են: Միայն մինչեւ այսօր, այս տարիքիս, տակաւին ուղեղիս նոյն այդ ծալքերուն մէջ կը յամենայ դէպքի մը կնիքը, իբրեւ տեսակ մը գեղեցիկ եւ հպարտալի օրինակ: Տողերս պարզեմ:

Այսպէս, երեք ընկերներով, ինչպէս միշտ, այդ օր ալ մեր այդ հին քաղաքի միակ մարզադաշտ, որ «մալաապ պալատի» «քաղաքապետարանի դաշտ» կը կոչուէր, ներկայ էինք մեր սիրելի միութեան՝ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի խաղին:

Դարձեալ մի՛ հարցնէք, թէ այդ օրուան խաղը որո՞ւ հետ կամ դէմ էր, որովհետեւ ըսի չէ՞, այդքան ալ կարեւոր կամ էական չեն: Տարիներ-տարիներ առաջ էր: Միայն կը յիշեմ օրուան մեծ դէպք-պատահարը: Ուսանելի եւ նոյնքան ալ դաստիարակիչ: Այս էր կարեւորը, որ մինչեւ այսօր մտքիս մէջ շալկած կը պտտիմ եւ զանազան առիթներուն՝ իբրեւ մաքուր եւ նկարագրելի օրինակ՝ կը պատմեմ: Կը բաղդատեմ: Կը մէջբերեմ: Կը հպարտանամ:

Այսպէս, խաղի պահուն, կարծեմ իրաւարը իր սխալ եւ անօրէն սուլիչի պատճառով, իբրեւ պատիժ, մեզի, մեր խումբին «փենալթի» տուած էր: Որոշում մը, որ իբրեւ հանդիսատես քե՛զ, նոյնիսկ նստած տեղդ՝ կը վրդովէ: Կը ջղայնանաս: Արիւնդ գլխուդ «կը զարնէ»: Կը պոռաս: Աղմկալից բողոք: Տեղէդ ոտքի կ’ելլես: Իրաւարարին ձեռքով-ոտքով ցուցմունքներ կու տաս: Կ’ընդդիմանաս: Զինք իրաւարարներու «դպրոցը» կը ղրկես: Ահա ճիշդ այդ պահուն, ամբողջ դաշտը արդէն «կրակի վրայ նստած է»: Անարդար որոշում: Բայց վերջապէս որոշում էր եւ ան ալ իրաւարարի սուլիչով եւ ձեռքի ցուցմունքով հաստատուած:

Ապա, մեր խումբի կոլար-բերդապահը, որուն ընդհանրապէս նաեւ կը պարտինք խումբին յաղթանակներուն մեծ բաժինն ալ, իրաւարարի որոշման չհանդուրժելով, ի զարմանս բոլորին, այս անգամ ինք՝ առ ի բողոք եւ ընդվզում, պոռալով ու բարկանալով, իր խաղընկերներուն հրամայեց խաղը կիսատ ձգելով՝ դաշտէն հեռանալ:

Էհ…այս մէկը պարտութիւն կը նշանակէր, իսկ մեզի համար ալ՝ մեծ ամօթ: Պարտուի՞լ:

Բայց եւ այնպէս արդար բողոքի մը մէկ արտայայտութիւնը ըլլալէ չէր դադրեր: Իբրեւ հանդիսատես այս որոշումը, բոլորիս համար ալ շատ ծանր էր:

Սակայն…անարդար կամ ոչ՝ սուլիչը սուլուած էր: «Փենալթի»: Պատիժ:

Եւ յանկարծ տեսանք, որ խումբի խմբապետը վազելով հասած էր բերդապահին մօտ: Հարցը լուրջ էր: Ստեղծուածէն աւելի լուրջ: Խմբապետը նախ իր մօտ կանչեց մեր բերդապահը: Այս վերջինը, հնազանդ եւ խելօք, մօտեցաւ ու շիտակ, զինուորականի մը նման հնազանդ կեցաւ ճիշդ իր մեծին դիմաց: Խմբապետը հրահանգեց խաղին վերադառնալ: Բերդապահը, գլխով մերժողական պատասխանեց: Ու այդ պահուն էր, երբ յանկարծ խմբապետը իր աջ ձեռքով աղմկոտ ապտակ մը իջեցուց իր դէմ քարացած կեցող բերդապահի դէմքին, միաժամանակ անոր սաստելով՝ վերադառնալ բերդ՝ իր տեղը:

Վայրկեանին մեր դէմքերուն վրայ զարմանք մը բռնեց: Անժամանակ եւ անակնկալ: Իր կարգին դաշտն ալ դիտեց եւ յանկարծ՝ ծանր լռութիւն մը իջաւ ամբողջ տարածքին: Ամէն մարդ ապշած իր տեղը սառած կանգնած էր կարծես: Խմբապետ-հրամանատարը ոչ միայն հրահանգած էր, այլ նաեւ ծանր ապտակով մը՝ պատժած իրեն համար օրինազանց լաւագոյն իր մարզիկին:

Հիմա հարցը, այդ անիծեալ «բենալթին» չէր, այլ՝ այդ ապտակը:

Բոլոր դաշտը պիտի կարծէր, որ մեր «կոլարը» շուտով պիտի ընդվզէր, պիտի փոխադարձէր, պիտի շարունակէր իր հակադարձութիւնը եւ այս անգամ ներքին ըսի ըսաւով, կռիւ մըն ալ պիտի ստեղծուէր: Բայց սխալած էինք՝ բոլորս ալ: Իրականութեան մէջ խումբի տարիներու բերդապահը, ստանալէ ետք իր պատիժ-ապտակը, վերադարձած էր իր տեղը ու խաղը շարունակուած: Անկէ ետք՝ արդիւնքը կարեւոր չէր: Պարտութիւն եւ կամ յաղթանակ էական չէր: Ինծի համար այս բոլորին մէջ էականը, նոյն այդ բերդապահի միութենականի վարմունքն էր, անոր հարազատ եւ հնազանդ կեցուածքը ցուցաբերող արտայայտութիւնը: Ամբողջ դաշտի ներկաներուն առջեւ ապտակուի՞լ… եւ ապա առանց բողոքելու եւ առանց ընդդիմանալու՝ հրահանգին հնազանդելով, խաղի վերադառնա՞լ: Ո՞ւր տեսնուած է նման բան:

Ահա այս մէկը կը յիշեմ յստակօրէն, ու կարօտը դարձեալ սկսած է ուռեցնել կուրծքս: Ուստի կը  փորձեմ ամփոփել յիշողութիւնս: Այս պահուն, ծուռ կամ շիտակ եւ կամ աւելորդ մանրա-մասնութիւններ մտքէս շատոնց սրբուած են՝ հաստատապէս: Տարիներ սահած են այս դէպքին վրայէն: Իսկ այսօր…:

Ահա ՀՄԸՄ-ը եւ ահա՝ իր սնուցած դաստիարակութիւնը: Կ’ըսեմ, ու նաեւ կ’աւելցնեմ՝ ահա մեծ միութենականը: Օրինակելի եւ հնազանդ: Հաւաքական հրճուանք մը եւ սրտապնդիչ երեւոյթ մըն էր, որ այդ պահուն լեցուցած էր էութիւնս: Անոր համար է, որ մեծ ու մաքուր խորհուրդ մը կը տեսնեմ, կայ, գոյութիւն ունի, այս ապտակին մէջ: Անբիծ:

Ու այս օրերուն, թէեւ ճակատագրի բերմամբ հեռու եմ ծննդավայրէս, բայց այս յիշեցումի պահուս, յանկարծ դարձեալ Հալէպը իմ աչքերով հոգւոյս մէջ ինծի կը նայի: Կը զգամ: Ա՛ն իր եւ մեր միութեան նման պատմական յիշատակ չէ, այլ՝ սրտիս մէջ խօսող, արեանս մէջ խմիչքի նման ոգեւորող, հայրենիքի վերածած եմ զայն: Ա՛ն դարձեալ սրտիս կը խօսի իր մեծով եւ պզտիկով: Ու այս «ապտակը» եւ զայն ստացողը, մինչեւ այսօր սրտիս մէջ կը ծփայ իբրեւ մաքրամաքուր յիշատակ:

Իսկ հիմա, իսկ այս օրերուն, որքան բան փոխուած է երէկի եւ այսօրուան միջեւ: Ո՞վ է այն անհատը, որ ապտակ մը ստանալէ ետք չի հակադարձեր: Ըսէ՛ք: Ո՞ւր տեսնուած է: Ո՞ւր կը գտնէք նման մարդ:

Յստակ է, թէ մեր ներկան ծածկած է նաեւ մեր անցեալը: Հակասական դար եւ վիրաւոր: Կարծես յաճախ դիմազուրկ կ’ապրինք, բայց եւ այնպէս անձնապէս միութենական ըլլալու հպարտութիւնս միշտ կը պտտցնեմ կեանքիս մէջ: Աշխարհը դարձած է գրեթէ անշնչելի, կը կրկնեմ շարունակ եւ ամէն առիթով: Գիտենք, որ պատմութիւնը տարօրինակ խաղեր ալ կը խաղայ, բայց նոյն այդ պատմութիւնը չի կրնար մարդոց մտքէն սրբել այն՝ ինչ որ սրբազան է եւ օրինակելի: Ուստի տողերուս դրած եմ հպարտ համարձակութիւնս, հանդարտ անկեղծու-թեանս կողքին:

Մաքուր եւ հնազանդ միութենականի ոճ եւ մտածողութիւն, շարունակ կը կրկնեմ: Ուրախ եմ, որ յիշողութեան թոյնը չէ պղտորած այս մէկը, մտքիս բանալիին հետ միատեղ: Անոր համար յուշերս, դէպքերն ու դէմքերը այս վայրկեանին կը հրաժարին կանգ առնելէ: Նոր ու գեղեցիկ

եւ հաճելի տագնապ մը կ’ապրիմ:

Հո՛ն, մեր այդ պատմական քաղաքին մէջ,  նուիրեալներու սերունդ մը ունէինք: Անոր շունչին տակ մեծցանք, մենք ու մեր քաղաքը: Ու …որքա~ն գեղեցիկ էր Հալէպը եւ նոյնքան ալ ի՛նք՝ մեր ՀՄԸՄ-ը կը շարունակեմ մտովի, որ կրցած էր ստեղծել եւ դաստիարակել նման սերունդ մը, որ իբրեւ նկարագրի կէտեր ունէր սքանչելի հաւատարմութիւն, գնահատանք եւ մեծերու նկատմամբ յարգանք, անսակարկ զոհաբերութեամբ եւ անուրանալի նուիրումով:

Պրկուած կոկորդով դարձեալ կը յիշեմ: Քիչ մը կարօտ, քիչ մը յուշ:

Թէեւ ծննդավայրս տակաւին ունի վիրաւոր ձայներու իր երգը: Թէեւ հո՛ն հայ կեանքը զանազան շփոթանքներով լեցուած է, սակայն կը հաւատամ, որ տակաւին մեր այս «կոլարին» նման պահած է իր ոգին եւ հաւատքը:

Զոհողութիւն, համբերանք, յարգանք, իբրեւ արձանացած իրողութիւններ հոն տակաւին կը մնան մեր կեանքի ազգային հարստութեան խորհրդանիշները: Այս բոլորը՝ նաեւ ժառանգուած նոյն այս մեծ ընտանիքէն: Հաճելի ու ծանր փորձառութիւն:

Ու միշտ կը յիշեմ զինք, « կոլարը», որ թէեւ բարձրացուց բողոքի դրօշը եւ սակայն վերջը հնազանդեցաւ իր մեծին, գիտակցօրէն եւ հաւատարիմ: Ինքն էր որ այս օրերուն բացաւ մտքիս մտքիս դռները: Անոր համար ապրումներս ժողվելով յատուկ յարգանքիս կողքին, ունիմ իւրայատուկ զմայլանք մըն ալ:

Յաճախ պէտք է դիտել , պեղել խորհուրդը, ստեղծել ժամանակը, որպէսզի չպղտորի մեր կեանքի հոսքը, կը մտածեմ: Իսկ այսօր, կը յիշեմ այդ միութենականը ու մտածումներովս կ’որսամ լռութիւնն ու ուրախութիւնը: Ու անմեղ հարցում մը կը գծագրուի մտքիս մէջ.-այս օրերուն նոր մարդիկ արդեօ՞ք կը լսեն ապտակի «պատգամը», որ բացուած գիրքի նման պարզ եւ խոր ու գեղեցիկ էջերով տեղաւորուած է մտածումներուս մէջ: Անոր համար դէմքիս վրայ ծանր շուք մը կ’իյնայ: Թէեւ դէպքը անցած է երազի նման, սակայն դժուար երէկը հաշտեցնել այսօրուան հետ, որովհետեւ ճակատագրի բերումով երէկը մնացած է կէս ճամբան: Երեւակայութիւնս զիս  կը հալածէ: Պէտք չէ կորսնցնել կապը կը շեփորեմ:

Ինծի համար  խօսի՛լ, գրե՛լ եւ կամ արտայայտուի՛լ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին, կը նշանակէ խօսի՛լ սփիւռքեան մեր հայոց պատմութեան մասին, ուր մեր նոր սերունդի ժառանգորդներուն մօտ տեսանելի էր հայրենասիրութեան եւ հայապահպանման ոգին՝  մեր հայրենիքի ու անոր ազատութեան սէրով շաղախուած եւ հայու օրինակելի մարտնչող կամքով գօտեպնդուած։

ՀՄԸՄ. սփիւռքեան հայոց պատմութեան եւ հայութեան ազգային գոյամարտի անբաժան մէկ մասնիկ: Գուրգուրոտ խնամքով, հայ մարդ պատրաստելու չարքաշութեամբ եւ մանաւանդ

ազգային արժէքներ սնուցանելու առողջ եւ կայտառ մարմին պահելու նախաձեռնութեամբ՝

հարուստ հայոց պատմութիւն մը:

Վկայ՝ տասնամեակներ առաջ Հալէպի մեր ֆութպոլի խումբի «կոլար» եղբ. Անդրանիկ Սիւլիքճեանն ու նաեւ օրինակելի եւ զոհաբերող միութենական եւ կարգապահ խմբապետ՝ եղբ. Աբրահամ Աւընեանի օրինակները, որոնց նմաններուն ՀՄԸՄ-ի ընձեռած ազգային ընտանիքին եւ մեր հաւաքական կեանքի բոլոր մաքուր եւ վեհ գիծերուն շնորհիւ է, որ կ՚ամրապնդուին մեր ապագայի յոյսերը՝ իբրեւ կիրթ ու կարգապահ հայ եւ տիպար քաղաքացի։

Գէորգ Պետիկեան