«Ապառաժ».-Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ յանցակցութեամբ, գրոհայիններ ուղարկած Լեռնային Ղարաբաղի բնագրաւուած շրջանը: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան: «Երբ Աֆղանիստանէն Թալիպանը վերցուց իշխանութիւնը, Քաիտայի գրոհայիններէն մէկ քանին շտապ կարգով տեղակայուեցան Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ: Այս բոլորը Թուրքիոյ հետ միատեղ կատարուած է եւ քանի մը նպատակ կը հետապնդէ: Բնականաբար, Թուրքիան կը փափաքի փրկել իր զինեալներուն ողնաշարը, որ օգտագործած է տարբեր տարածաշրջաններու մէջ, հիմնականօրէն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներու մէջ գրոհայիններու տեղակայումը լուրջ հարցեր պիտի ստեղծէ Ռուսիոյ, Իրանի, ընդհանրապէս տարածաշրջանային անվտանգութեան համար եւ տեսակ մը վերահսկողութիւն է բուն Ատրպէյճանին վրայ: Այս շրջաններուն մէջ արդէն կան բազմաթիւ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք իրականութեան մէջ չեն վերահսկուիր Պաքուի կողմէն, բայց կը վերահսկուին Թուրքիոյ կողմէ: Այսպիսով, Թուրքիան ամրապնդած է իր դիրքերը Ատրպէյճանի մէջ: Հակառակ «եղբայրութեան», «մէկ ժողովուրդ` երկու պետութեան» մասին կարգախօսներուն, Թուրքիան ուժային լծակներ օգտագործած է, որպէսզի «եղբայրը» չվերանայի իր «եղբայրական յարաբերութիւնները» Անգարայի առաջադրանքի հարցով: Մենք կը տեսնենք խորապէս մտածուած աշխարհաքաղաքական գիծ, ուր աշխուժօրէն օգտագործուած են արմատական ահաբեկչական ուժեր: Տեղի ունեցողը ձեւով մը քօղարկելու համար տեղեկութիւններ տարածուած են Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած բաժինին մէջ աֆղանցի փախստականները տեղափոխելու մասին: Բոլորս ալ գիտենք, որ Աֆղանիստանի փախստականները կը նախընտրեն արեւմտեան երկիրները: Որովհետեւ փախստականները այն մարդիկն են, որոնք այս կամ այն ձեւով գործակցած են արեւմտեան միութեան հետ, ունին մօտեցումներ, որոնք կը տարբերին Աֆղանիստանի հասարակական կարգի եւ պետականաշինութեան հարցով «թալիպան»-ի մօտեցումներէն, եւ անոնք ընելիք չունին Ատրպէյճանի մէջ, յատկապէս բռնագրաւուած տարածքներու մէջ, ուր Ատրպէյճանը ոչնչացուցած է ամէն ինչ, այդ տարածքները վերածած է հարթակի: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ այս տեղեկատուութիւնը վերստուգեն միջազգային կառոյցները եւ շահագրգռուող պետութիւններու համապատասխան կառոյցները` նկատի առնելով, թէ կայունութեան ու անվտանգութեան սպառնալիք կը ներկայացնէ գրոհայիններու այս տեղափոխումը», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան: