“Երկիր Մետիա”._2 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը, Ստեփանակերտի մէջ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի բացման արարողութիւնը: Գրասենեակի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի նախագահներ Արկատի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, ՀԱԵ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով Արցախի մէջ գտնուող «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու անդամներ, ԱՀ խորհրդարանի պատգամաւորներ, հիւրեր: Գրասենեակի բացման առիթով ուղերձ յղած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, նախաձեռնութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, ԱՀ ԱԳՆ Դաւիթ Բաբայեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան։ Այնուհետեւ ցուցադրուած են Արցախի միջազգային բարեկամներու «Pro Artsakh» ցանցի անդամներուն ուղերձները՝ նուիրուած ԱՀ հռչակման 30-ամեայ յոբելեանին եւ Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի բացումին։ ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը կը ղեկավարէ ԱՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Գերոգի Պետրոսեան: Ան կը գործէ ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ: