“Երկիր Մետիա”._1 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՀ ԱԺ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան անդամներուն հանդիպումը: Հանդիպումին ներկայ եղած են ԱՀ ԱԺ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութենէն Արթուր Մոսիյեան, Դաւիթ Իշխանեան եւ Վահրամ Բալայեան, իսկ ՀՀ ԱԺ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութենէն՝ Արթուր Վանեցեան եւ Տիգրան Աբրահամեան: ԱՀ Աժ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան ողջունած է «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը իրենց հայրենիքին՝ Արցախի մէջ: ««Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը ուրախ է ձեզի ընդունելու ոչ միայն Արցախի անկախութեան հռչակման օրուան նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու, այլ ամէն օր: Լիազօրուած եմ ԱՀ ԱԺ միւս 2 ընդդիմադիր ուժերու անունով ըսելու, որ մեր օրակարգը նոյնն է թէ՛ ԱՀ-ի մէջ, թէ՛ ՀՀ-ի մէջ: Այդ առումով մեր ֆրաքցիաները թէ՛ խորհրդարանական հարթակի, թէ՛ քաղաքական տարբեր հարցերու լուծման համար կրնան ձեւաւորել միասնական օրակարգ», յայտնած է Մոսիյեան: Արթուր Մոսիյեանի խօսքին համաձայն, Արցախի եւ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտերը միահամուռ ուժերով քայլ առ քայլ պէտք է հասնին նոյն նպատակին, որովհետեւ բոլոր հարցերը նոյնն են, որ կու գայ ՀՀ ապիկար իշխանութիւններէն եւ անոնց կցորդ՝ այստեղի կամակատար իշխանութիւններէն: ՀՀ ԱԺ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան ուրախութիւն յայտնած է Արցախի մէջ գտնուելուն համար եւ ըսած է, որ իրենք Արցախի մէջ չեն հիւրընկալուիր եւ այստեղ տան տիրոջ կարգավիճակով կ’այցելեն, որովհետեւ Արցախը իրենց տունը համարած են: Արթուր Վանեցեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ստորագրուեցաւ խայտառակ փաստաթուղթ մը, որ իշխանութիւնները շահարկման առարկայ կը դարձնեն: Երկու խմբակցութիւններու անդամները վստահեցուցած են, որ ընդդիմադիր ուժերու գործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ, որովհետեւ բոլորին նպատակը մէկ է ՝ հայ ժողովուրդի եւ հայկական երկու պետականութիւններու անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը: