ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամները միացխծ են ԱՄՆ-ի եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն` յայտնելով Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեակը` խոստանալով շարունակել ԱՄՆ-Արցախ կապերու ամրապնդումը եւ ետ մղել ատրպէյճանական ու թրքական յարձակումը: Այս մասին հաղորդած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: «Մենք կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան օրը մեր աշխատանքով` Քոնկրեսի մեր դաշնակիցներու հետ միասին` յառաջ տանելով օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու փաթեթ մը, որ կ’արգելափակէ ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ կ’ապահովէ մարդասիրական օգնութիւն Արցախին», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: Քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն իր ուղերձին մէջ ըսած է, որ երբեք չէ տեսած այնքան դիմացկուն ժողովուրդ, որքան Արցախի ժողովուրդը, որ բախած է յարձակումով եւ հարեւանների կողմէն հարցերով: «Ես կ’ուզեմ, որ դուք իմանաք` մենք քոնկրեսին մէջ կը շարունակենք աջակցիլ ձեզի: Մենք ջանասիրաբար կ’աշխատինք նախագահ Պայտընին եւ անոր վարչակազմին հետ ծախսեր նախագիծին վրայ` փորձելով ստանալ որքան կարելի է շատ օգնութիւն Արցախին օգնելու համար, կարելի եղածին չափ վերակառուցել այն, ինչպէս նաեւ պատժել Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը իրենց յարձակումին համար: Ես նաեւ կը փափաքէի տեսնել Արցախին` որպէս պետութիւն, որպէս երկիր ճանաչումը, տեսնել պաշտօնական յարաբերութիւններ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ յառաջընթաց խաղաղութեան գործընթացի մէջ», ըսած է Փալոն: Քոնկրեսական Տեյուիտ Ուալտաոն իր ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ 2 Սեպտեմբեր 1991-ին Արցախը սեփական ճակատագիրն ու ազատութիւնը որոշելու համար մղուող պայքարին մէջ ճնշող մեծամասնութեամբ դէմ քուէարկած է Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող յարձակումին: Արցախի Հանրապետութեան 30 ամեակը շնորհաւորած է նաեւ քոնկրեսական Ատամ Շիֆ: Քոնկրեսի անդամ Ճուտի Չուն յայտնած է. «Ցաւօք, այդ խաղաղ որոշումը հանդիպած է տարիներ տեւող բռնութեան` ներառեալ 2020-ի պատերազմը, որուն հետեւանքով աւերուած են տուներ եւ գիւղեր, կորսուած են բազմաթիւ կեանքեր: Բայց ես եղած եմ Արցախի մէջ եւ գիտեմ, թէ որքան ուժեղ մարդիկ այնտեղ կ’ապրին: Ես լի եմ վճռականութեամբ ապահովելու անհրաժեշտ աջակցութիւնը Արցախի վերականգնման ու բարգաւաճման նպաստելու համար», ըսուած է Ճուտի Չուի ուղերձին մէջ: Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով ուղերձներ յղած են նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթան, Աննա Էշուն, Ճիմ Մաքգովերն, որոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են շարունակելու աշխատանքը Քոնկրէսին մէջ` ԱՄՆ-ի կողմէն Արցախին հզօր աջակցութիւն ապահովելու, Արցախի անկախութեան ճանաչման հասնելու ուղղութեամբ: