«Երկիր».- Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Պաքուի մէջ կը կատարեն միատեղ զօրավարժութիւններ, որոնց հիմնական նպատակը զինուորական գործողութիւններու ընթացքին երկու երկիրներու բանակներուն գործակցութեան բարելաւումն է: «Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու մասնակցութեամբ զօրավարժութիւններուն հիմնական նպատակն է բարելաւել զինուորական գործողութիւններու ընթացքին երկու երկիրներու բանակներու գործակցութիւնը, զարգացնել հրամանատարներու հմտութիւնները ռազմական որոշումներ գոյացնելու եւ ստորաբաժանումներ ղեկավարելու», ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Զօրավարժութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 12 Սեպտեմբեր: