Ռուսիոյ կառավարութեան միասնական տեղեկատուական համակարգի կայքին վրայ օգտագործուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եզրը: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, կայքի գնումներ բաժինին մէջ հրապարակուած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան դիմումը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած զինուորական աւաններու զօրանոցային-բնակարանային ֆոնտի կազմակերպման եւ համալիր սպասարկման ծառայութիւններու մատուցման համար: Դիմումը վերնագրուած է հետեւեալ ձեւակերպումով. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած զինուորական աւաններու զօրանոցային-բնակարանային ֆոնտի կազմակերպման, համալիր սպասարկման ծառայութիւններու մատուցման համար»: Կայքին վրայ դիմումը հրապարակուած է 13 Օգոստոս 2021-ին: Վերջնաժամկէտն է 16 Սեպտեմբեր 2021-ը: