«Ապառաժ».-Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատէն ներս 2 եւ 3 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին նուիրուած համերգ` «Երգող Արցախ» խորագիրով: Նախագիծին հեղինակը 1992-ին Շուշիի մէջ գործող «Վարանդա» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, Արցախի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Զաքար Քէշիշեանն է: Երգացանկը կազմուած է Շուշիի մէջ գործող երգչախումբի 164 երգերէ, որոնք անցնող 29 տարիներուն հնչած էին Շուշիի եւ տարբեր բեմերու վրայ: «Վաղուան հաւատքը զիս այստեղ բերաւ, եւ եթէ դուք այստեղ էք, ուրեմն կը հաւատաք վաղուան, այլապէս ո՛չ ես այստեղ պիտի ըլլայի, ո՛չ դուք», ըսած է ազատագրուած Շուշիի մէջ դարձեալ հայկական երգի հնչիւնները տարածելու հաւատքով ապրող արուեստագէտը: