Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը 4 Սեպտեմբերին հաղորդած է. «ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր բարեկամներուն, ուղեկից եւ քոյր կազմակերպութիւններուն, յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն Արցախի մէջ ՀՅԴ գրասենեակի բացման առիթով շնորհաւորական եւ բարեմաղթանքներու ուղերձներ յղելուն համար: Նորաբաց գրասենեակին ուղղուած մաղթանքները պարտաւորեցնող են: Լիայոյս ենք, որ Արցախի համար այս ծանր օրերուն եւ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ կրնանք յաջողութեամբ իրականացնել գրասենեակէն ակնկալուողը առաքելութիւնը»: