سفير الجمهورية العربية السورية لدى جمهورية أرمينيا محمد حاج ابراهيم يزور مطرانية الأرمن الأرثوذكس في حلب.
Այսօր՝ Երկուշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան տիար Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմը եւ հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հետ։
Հանդիպման ներկայ էին Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ տիար Հրաչ Յակոբեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան։
Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթելով դեսպանին շնորհաւորեց Հալէպ-Երեւան թռիչքին վերականգնումը եւ յոյս յայտնեց, որ փոխադրական այս կապը առիթ կը հանդիսանայ Հալէպ-Երեւան առեւտրական գործակցութեան եւ զբօսաշրջութեան խթանումին եւ սուրիահայերուն այցելութեան եւ վերադարձին, ինչպէս նաեւ Երեւան այցելողներու թիւի բազմապատկումին։
Տիար Իպրահիմ շեշտեց, որ Երեւան-Հալէպ թռիչքին վերականգնումը պիտի նպաստէ ոչ միայն Հալէպ-Երեւան յարաբերութիւներու աշխուժացման, այլեւ Երեւանի ճամբով Հալէպը պիտի կապէ Եւրասիական երկիրներու, ինչ որ կը խթանէ առեւտուրը եւ նոր հորիզոններ կը բանայ Հալէպի տնտեսութեան դիմաց, յատկապէս երբ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կը ստորագրուի տնտեսական համագործակցութեան համաձայնագիր։
Դեսպանը մեծապէս գնահատեց Հայաստան մեկնած սուրիահայերու ներդրումը Հայաստանի ընկերային եւ տնտեսական կեանքին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դեսպանութեան հետ գործակցութիւնը, դիտել տալով որ սուրիահայերը այնտեղ գաղթականներ չեն, որովհետեւ ունին երկու հայրենիք՝ Սուրիա եւ Հայաստան։
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ Բերիոյ Հայոց Թեմը եւ սուրիահայութիւնը տեւաբար գործած են սուրիական հայրենիքին շահերուն համահունչ, հաւատարիմ մնալով անոր յատկապէս պատերազմի դաժան տարիներուն։
Հանդիպումի աւարտին դեսպան Հաճ Իպրահիմ այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի եւ ծանօթացաւ Հալէպի մէջ անոր աւելի քան 600 տարիներու պատմութեան։