Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021-ին, Տարաայի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական պետութեան կողմէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ առաջադրուած համաձայնութեան լոյսին տակ, եւ սուրիական բանակին Տարաայի կեդրոնը վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք, այսօր հազարաւոր ընտանիքներ տուն վերադարձան։ Թղթակիցը աւելցուց, որ սուրիական պետութիւնը ջանք չի խնայեր Տարաայի անվտանգութիւնը վերականգնելու խաղաղ միջոցներով, առանց վտանգի ենթարկելու քաղաքացիններուն կեանքը։