ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը 11 Սեպտեմբերին յայտարարութիւն տարածած է Հայ Դատի Արցախի գրասենեակին ստացած առաջին նուոիրատուոթեան համար.

«Կը յայտնենք, որ ստացած ենք հասցէական նուիրատուութիւն` ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի նորահաստատ գրասենեակի գործունէութեան աջակցելու համար:

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող “Sosռ & Allen’s Legacy” հիմնադրամին` Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի աշխատանքներուն առաջին մէկ տարուան համար անհրաժեշտ տնտեսական միջոցներու նուիրաբերութեան համար: Մեր երախտագիտութիւնը կը  յայտնենք նաեւ Հիմնադրամի կողմէն նորահաստատ գրասենեակի մէջ, յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին, երիտասարդներու վարժողական ծրագիրի նիւթական ծախսերը հոգալուն համար:

Մեր ժողովուրդին համար դժուարին այս ժամանակահատուածին մէջ Արցախը առաւել քան երբեք ունի աշխարհասփիւռ հայութեան, համահայկական կազմակերպութիւններու, մեր կարող հայրենակիցներու կարիքը:

Մեր պայքարի ներկայ հանգրուանին մէջ ազգային-պետական նպատակներէն նահանջը լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ իր յանցագործ նպատակներուն ամբողջապէս չհասած եւ Ղարաբաղեան հիմնահարցը նոյնիսկ պատերազմաական ճամբով չլուծած թշնամիին:

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իւրացումը, 1988-ին Ազգային ազատագրական շարժումի նպատակները այլընտրանք չունին: Այս յանձնառութեան ուղիին մէջ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը, իր նուիրեալ բարեկամներու հետ, որեւէ ջանք ու միջոց պիտի չխնայեն»: