11 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամները, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ նեկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ, Վանաձորի մէջ հանդիպեցան Լոռիի մարզի կուսակցական կառոյցի ներկայացուցիչներու եւ համակիր քաղաքացիներուն հետ:

Հանդիպումին մասնակցած էր նաեւ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան Լոռիի մարզի պատգամաւոր Արմէնուհի Կիւրեղեան: Հանդիպումի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց ներքաղաքական իրավիճակը, խօսուեցաւ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներու, Արցախի ուղղութեամբ տեղի ունեցող զարգացումներու մասին:

Քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ ընելիքները, յստակացան  շարք ուղղութիւններով իրականացուելիք քայլերն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ հասարակութիւնը անոնց շուրջ համախմբելու ձեւերը:

ՀՅԴ ՀԳՄ անդամները առանձին հանդիպում ունեցան նաեւ ՀՅԴ Լոռիի մարզի քաղաքային կառոյցներու կոմիտէներու անդամներուն հետ: