ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 13 Սեպտեմբերին ընդունած է Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Պարոնուհի Քերոլայն Քօքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին մասնակցած էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:

Ողջոււնելով հիւրերը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն  յայտնած է Պարոնուհի Քոքսին` տասնամեակներ շարունակ Հայաստանին, Արցախին ու հայ ժողովուրդ ին ցուցաբերած վիթխարի օժանդակութեան համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած  են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր` մասնաւորապէս տարածաշրջանային քաղաքական գործընթացները եւ  Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները: Յատուկ անդրադարձ  կատարուած է Թուրքիոյ կողմէն Հայաստանի վրայ գործադրուող ճնշումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի անընդունելիութեան: Փորձ կատարուած է այդ գործընթացները իրականացնել միջազգայնօրէն ընդունուած կարգաւորումները շրջանցելով, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտումներով եւ ուղղակի ռազմական սպառնալիքով:

Յատուկ ուշադրութեան  արժանացած է Արցախեան հիմնահարցի ներկայ հանգրուանը, քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան, ժամանակաւորապէս տեղահանուած անձերու եւ ռազմագերիներու ազատութեան հարցին վերաբերող հարցեր: Այս ուղղութիւններով նախանշուած են որոշ ծրագիրներ: