Երեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն ոճիրներ գործել Աֆրինի բնակիչներուն նկատմամբ։ Աղբիւրին համաձայն, թրքական ուժերուն ենթակայ «Սուլթան Մուրատ» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման ահաբեկիչները խուժած են Աֆրինի «Քաֆար Ճաննէ» գիւղը, յարձակած տեղւոյն բնակչութեան վրայ եւ զէնքի ուժով թալանած անոնց տուները, որպէսզի զանոնք ռազմական կեդրոններու վերածեն։ Այս առիթով, աղբիւրը աւելցուց, որ «Ֆայլաք ալ Շամ» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները արգիլեցին Աֆրինի «Պրատ» գիւղի հողագործները իրենց հողատարածքները ուղղուելու։ Բնակիչները դաժան վերաբերմունքի կ՚ենթարկուին, որպէսզի ստիպուին լքել իրենց տուներն ու հողատարածքները եւ շրջանը ամբողջութեամբ թրքական ուժերուն հսկողութեան ենթակայ դարձնեն։