Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լութ Չա­ւու­շօղ­լու Էս­քի­շե­հի­րի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նին մէջ հա­սա­րա­կա­կան շարք մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին, այլ հար­ցե­րու կող­քին անդ­րա­դար­ձած է նա­եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հար­ցե­րուն: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»:
Յայտ­նե­լով, որ բիրտ ուժ կը կի­րար­կեն այն ժա­մա­նակ, երբ դիւա­նա­գի­տա­կան ճամ­բով կա­րե­լի չþըլ­լար լու­ծում գտ­նել՝ Չա­ւու­շօղ­լու իբ­րեւ օրի­նակ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Թուրք­իոյ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը Սուր­իոյ, Լիպ­իոյ եւ Արե­ւել­եան Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ, ապա նա­եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի օրի­նա­կը տա­լով Հա­յաս­տա­նը մե­ղադ­րած է դրա­ցի եր­կիր­նե­րու տա­րածք­նե­րուն նկատ­մամբ ախոր­ժակ­ներ ու­նե­նա­լու յան­ցան­քով:
Շա­րու­նա­կե­լով օրի­նակ­նե­րու շար­քը՝ ան անդ­րա­դար­ձած է Կով­կա­սի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի քայ­լե­րուն:
«Ատր­պէյ­ճան 30 տա­րի սպա­սեց, դիւա­նա­գի­տա­կան ճամ­բով լու­ծում չե­ղաւ: Մինս­քի եռ­եա­կը կամ Մինս­քի խմ­բա­կը, որուն ան­դամ ենք նա­եւ մենք, չգոր­ծեց: Ի՞նչ եղաւ, կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ՝ 43 օր­ուան մէջ, մեր եղ­բայր Ատր­պէյ­ճա­նը ետ վեր­ցուց իր հո­ղե­րը, եւ հի­մա դիւա­նա­գի­տու­թեան կա­րե­լիու­թիւն կայ», ըսած է ան:
Չա­ւու­շօղ­լու դի­տել տուած է, թէ անհ­րա­ժեշտ է, որ խօս­քէն գոր­ծի վե­րած­ուին Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ կող­մէ իրա­րու յղուող դրա­կան ու­ղերձ­նե­րը: «Մենք դրա­կան ու­ղերձ­ներ կը յղենք, որոշ դրա­կան ու­ղերձ­ներ կու գան Հա­յաս­տա­նէն, սա­կայն այդ դրա­կան ու­ղերձ­նե­րը պէտք չէ միայն բա­ռեր ըլ­լան», աւել­ցու­ցած է Չա­ւու­շօղ­լու:
Շա­րու­նա­կե­լով խօս­քը՝ Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը Հա­յաս­տա­նը մե­ղադ­րած է դրա­ցի եր­կիր­նե­րու տա­րածք­նե­րուն վրայ «աչք դնե­լու» յան­ցան­քով:
«Եթէ Հա­յաս­տան դա­սեր քա­ղէ տե­ղի ու­նե­ցա­ծէն, պէտք է հասկ­նայ, որ ոչին­չի պի­տի հաս­նի դրա­ցի եր­կիր­նե­րու հո­ղեր ներ­խու­ժե­լով կամ իր դրա­ցի­նե­րու հո­ղե­րուն վրայ աչք դնե­լով», ըսած է Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը:
Ան խօ­սած է նա­եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ առա­ջար­կուող խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մա­սին:
«Ատր­պէյ­ճա­նը հան­դէս եկած է նա­եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­պար­փակ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի շուրջ բա­նակ­ցե­լու առա­ջար­կով: Ընտ­րու­թիւն­նե­րը աւար­տած են, կա­ռա­վա­րու­թիւնը ձե­ւա­ւոր­ուած է, եւ յոյ­սով եմ Հա­յաս­տանն ալ դրա­կան պա­տաս­խան պի­տի տայ», եզ­րա­փա­կած է ան: