Վե­րա­մուտ է ար­դէն, աշա­կեր­տու­թեան եռան­դը նոր աշ­խու­ժու­թեամբ հա­մա­կած է սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քին առօր­եան: Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը երկ­րի տն­տե­սա­կան ծանր պայ­ման­նե­րուն տակ կը շա­րու­նա­կեն գո­յա­տե­ւել, հայ խոստմ­նա­լից սե­րունդ­ներ հասց­նել: Անոնք սա­կայն կա­րի­քը ու­նին մեր բո­լո­րին ու­շադ­րու­թեան, հո­գա­տա­րու­թեան եւ զօ­րակ­ցու­թեան: Դպ­րոցն է վեր­ջա­պէս սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի գո­յեր­թի շա­րու­նա­կու­թեան գլ­խա­ւոր երաշ­խի­քը:
Այս առի­թով «Գան­ձա­սար» հե­տեւ­եալ հար­ցում­նե­րով դի­մեց Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Քի­լէճ­եա­նին.
«Գան­ձա­սար»- Ինչ­պէ՞ս դի­մա­ւո­րե­ցիք վե­րա­մու­տը, ինչ­պի­սի՞ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ տար­ուե­ցան եւ ի՞նչ մթ­նո­լորտ կը տի­րէր աշա­կերտ­նե­րուն մօտ:
Յա­կոբ Քի­լէճ­եան- Կր­թու­թեան Նա­խա­րա­րու­թիւնը յայ­տա­րա­րեց՝ 5 Սեպ­տեմ­բե­րը որ­պէս վե­րա­մու­տի ժամ­կէտ, իսկ մենք 6 Սեպ­տեմ­բե­րին յա­ջող­ցու­ցինք մեր վե­րա­մու­տը: Աշա­կեր­տու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւնը ներ­կայ էր, ու­րա­խու­թիւնը յս­տակ էր իրենց մօտ, մա­նա­ւանդ որ վերս­տին մի­ա­ցան իրենց դպ­րո­ցա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դէն ետք։ Դա­սա­ցոյց­նե­րը պատ­րաստ են, կը մնայ այն, որ մեր աշա­կերտ­նե­րը իրենց գիր­քերն ու տետ­րակ­նե­րը, ստա­նան որ­պէս­զի սկ­սի իրենց կա­նո­նա­ւոր դա­սըն­թաց­քը:
«Գ.»- Նկա­տի ու­նե­նա­լով երկ­րիս տն­տե­սա­կան իրա­վի­ճա­կը, սուր­ի­ա­կան լի­րա­յին ան­կու­մը, ինչ­պի­սի՞ դժ­ուա­րու­թիւն­ներ հարկ է որ յաղ­թա­հա­րեն մեր վար­ժա­րան­նե­րը եւ ինչ­պէ՞ս:
Յ. Ք.-  Շատ կա­րե­ւոր հար­ցում է, մենք բազ­մա­թիւ դժ­ուա­րու­թիւն­ներ ու­նինք, սա­կայն հիմ­նա­կա­նը տն­տե­սա­կան վի­ճակն է թէ՛ երկ­րիս, եւ թէ մեր ծնող­նե­րուն ու դպ­րո­ցին: Պա­տե­րազ­մի շր­ջա­նին շատ չն­չին ու խորհր­դան­շա­կան գու­մար­ներ գան­ձե­ցինք ծնող­նե­րէն, անց­եալ շր­ջա­նին մեր կր­թա­թո­շա­կէն փոքր բա­ժին մը սկ­սանք գան­ձել: Սա­կայն այս տա­րի պէտք է ծնող­նե­րը առ աւե­լի աջակ­ցու­թիւն յայտ­նեն մեր դպ­րո­ցին: Մենք պի­տի յայ­տա­րա­րենք մեր կր­թա­թո­շակ­նե­րուն ընդ­հա­նուր գումարը, իսկ եթէ ծնող­ներ դժ­ուա­րա­նան զայն փա­կե­լու՝ դպ­րո­ցիս խնա­մա­կա­լու­թիւնը յար­մար կող­մե­րու դի­մե­լով պի­տի փոր­ձէ լու­ծում գտ­նել ու եկա­մուտ ապա­հո­վել՝ օժան­դա­կե­լու ծնող­նե­րուն: Ան­շուշտ կը հասկ­նանք ծնող­նե­րուն դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, սղա­ճը ընդ­հան­րա­պէս տի­րող է այս տագ­նա­պին մէջ, սա­կայն մեր ծնող­քին կը հե­տաքրք­րէ նա­եւ կր­թա­կան բա­ժի­նը, հե­տե­ւա­բար կ’են­թադ­րեմ որ  ծնող­նե­րը իրենց կա­րե­լին կ’ընեն այս գծով աջակ­ցե­լու մե­զի:
«Գ.»- Հա­մա­հայ­կա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու կա­րի­քը կը զգաց­ուի բնա­կա­նա­բար, ի՞նչ խօսք կ’ուղ­ղէք Հա­լէ­պով եւ ընդ­հան­րա­պէս սուր­ի­ա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեամբ մտա­հոգ կող­մե­րու, իսկ մենք ի՞նչ կր­նանք ընել այս դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար:
Յ.Ք.- Գաղտ­նիք մը բա­ցա­յայ­տած չեմ ըլ­լար եթէ ըսեմ, որ մեր դպ­րո­ցը տար­բեր կող­մե­րէ՝ Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թե­նէ, Քա­լի­ֆորն­իոյ Ըն­կե­րակ­ցու­թե­նէ, կամ մեր շր­ջա­նա­ւարտ ըն­կեր­նե­րէ բա­ւա­րար օժան­դա­կու­թիւն չս­տա­նա­լու պա­րա­գա­յին շատ դժ­ուար կա­ցու­թեան պի­տի մատն­ուի:
Մօ­տիկ անց­եա­լին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սը յա­տա­րա­րեց, որ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւնը պէտք է իր օժան­դա­կու­թիւնը բե­րէ սուր­իա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն: Կը մի­ա­նամ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կո­չին եւ բո­լոր բա­րե­սի­րա­կան կող­մե­րուն, ան­հատ բա­րե­րար­նե­րուն եւ նոյ­նիսկ մեր շր­ջա­նա­ւարտ ճե­մա­րա­կան­նե­րուն կր­կին կոչ կ’ուղ­ղեմ օժան­դա­կե­լու Ճե­մա­րա­նին, որով­հե­տեւ իրենց կա­տա­րած չն­չին օժան­դա­կու­թիւնը մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կր­նայ ու­նե­նալ ճե­մա­րա­նի ու­սում­նակր­թա­կան բնա­կա­նոն ըն­թաց­քի պահ­պան­ման մէջ։ Իւ­րա­քան­չիւր շր­ջա­նա­ւարտ եթէ կր­ցաւ սա­նի մը կր­թա­թո­շա­կը հո­գալ, հա­ւա­նա­բար իրեն հա­մար ջն­ջին, սա­կայն մե­զի հա­մար մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող գու­մա­րով մը,  մե­ծա­պէս օգ­տա­կար դար­ձած պի­տի ըլ­լայ, մա­նա­ւանդ որ այս տա­րեշր­ջա­նը ճե­մա­րա­նի 75-րդ ամ­եա­կին կը զու­գա­դի­պի, հե­տե­ւա­բար կը կար­ծեմ, որ մեր ճե­մա­րա­կան­նե­րը աւե­լի մեծ թա­փով պի­տի օժան­դա­կեն Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նին:  Իսկ մենք որ­պէս Սուր­իոյ մէջ ապ­րող շր­ջա­նա­ւարտ­ներ, պէտք է մեր դուրս բնա­կող ըն­կեր­նե­րուն հետ կապ պա­հենք, աշ­խա­տանք­ներ տա­նինք անոնց հետ ի նպաստ մեր դպ­րո­ցին, ինչ­պէս նա­եւ որո­նենք տե­ղա­կան մա­կար­դա­կով հա­սոյ­թի աղ­բիւր­ներ, մեր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու գեր­լա­րու­մով՝ միշտ աշ­խա­տե­լով ի նպաստ Ճե­մա­րա­նի:
«Գ.»- Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ. Ճե­մա­րա­նի կր­թա­դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ ինչ­պի­սի՞ փո­փո­խու­թիւն­ներ եղան եւ կը նա­խա­տես­ուին, յատ­կա­պէս պա­տե­րազ­մի եւ հա­մա­ճա­րա­կի պայ­ման­նե­րուն լոյ­սին տակ։
Յ.Ք.- Բո­լոր կար­գե­րու պա­րա­գա­յին տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու հիմ­նա­կան, ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ՝ անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րու դա­սա­ւանդ­ման մե­թոտ­նե­րուն մէջ, որոնց հա­մար պէտք է յա­տուկ աշ­խա­տանք տար­ուի, կր­թա­կան նա­խա­րա­րու­թիւնը քա­նի մը շա­բաթ առաջ յայ­տա­րա­րեց նա­եւ դա­սա­ւանդ­ման ծրա­գի­րին մէջ նոր առար­կա­յի մը նե­րառ­նու­մին մա­սին, որն է՝ «Ըն­կե­րա­յին եւ յու­զա­կան ու­սու­ցում»: Այս նիւ­թը աշա­կեր­տին կը սոր­վեց­նէ  հա­մա­կեր­պիլ շր­ջա­պա­տին հետ եւ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով  յա­ռա­ջա­ցած հո­գե­կան ճն­շում­նե­րը յաղ­թա­հա­րել: Շատ քա­ջա­լե­րե­լի մի­ջոց մըն է այս, պայ­մա­նաւ որ ճիշդ ձե­ւով կի­րարկ­ուի մեր դպ­րոց­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի դրա­կան ար­դիւնք­ներ ստա­նանք: Այս նիւ­թը պի­տի դա­սա­ւան­դէ մեր դպ­րո­ցի հո­գե­բա­նա­կան խորհր­դա­տուն՝ շա­բա­թա­կան եր­կու պա­հով: Յոյ­սով եմ, որ լուրջ ար­դիւնք­նե­րու կր­նանք հաս­նիլ աշա­կերտ­նե­րուն հո­գե­կան աշ­խար­հը հարս­տաց­նե­լու եւ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու իմաս­տով:
Հարցազրոյցը վարեց՝
Անժելա Չաղլասեան