ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Յոր­դա­նա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած արա­բա­կան ակումբ­նե­րու ախոյ­եա­նա­կան մր­ցում­նե­րու աւար­տին, ՀՄԸՄ-ի նախ­կին խա­ղա­ցող Սաու­րա կազ­մի խմ­բա­պե­տու­հի Ալիս­իա Մա­կար­եան ընտր­ուե­ցաւ մր­ցա­շար­քի լա­ւա­գոյն կէտ նշա­նա­կո­ղը ( Scorer ): Սոյն մր­ցա­շար­քին Ալիս­ի­ան ճանչց­ուե­ցաւ որ­պէս աստղ եւ անոր ար­ձա­նագ­րած կէ­տե­րը մեծ դեր ու­նե­ցան խում­բին վրայ: Կի­սա­ւար­տա­կա­նին ան նշա­նա­կեց վեց հե­ռա­ւոր հար­ուած՝ դաշ­տի տար­բեր ան­կիւն­նե­րէն:
– Սուր­իոյ Պաս­քե­թի նո­րըն­տիր Դաշ­նու­թիւնը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Հա­մա, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն պաս­քե­թի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ ակումբ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, սեր­տե­լով յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի մր­ցա­շա­րքե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:
– Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի ախոյ­եա­նու­թեան եր­րորդ փու­լի մր­ցում­նե­րուն, Հա­լէ­պի Իթ­թի­հա­տը 1-1 ար­դիւն­քով հա­ւա­սա­րե­ցաւ Ֆութ­ուէին հետ, իսկ Քա­րա­մէն 3-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Նաուա­ի­րը. Ճէյ­շի խում­բը 4-0 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Հուր­ճու­լա­յին, որուն բո­լոր կո­լե­րը նշա­նա­կեց Մու­համ­մէտ Ուա­քէ­տը: Դա­մաս­կո­սի Ուահ­տէն Հա­լէ­պի մէջ 3-1 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Աֆ­րի­նին, իսկ Ուաս­պէն 2-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Թալ­ի­ա­ան:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՌՈ­ՆԱԼ­ՏՈՆ ԵՐ­ԿՈՒ ԿՈ­ԼԵ­ՐՈՎ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑԱՒ
ԻՐ ԱՌԱ­ՋԻՆ ՄՐ­ՑՈՒ­ՄԻՆ
 Անգլ­իոյ Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թըտ խում­բէն 12 տա­րի­ներ հե­ռու մնա­լէ ետք, փոր­թու­կալ­ցի խա­ղա­ցող Քրիստ­ի­ա­նօ Ռո­նալ­տօ կր­կին մի­ա­ցաւ իր նախ­կին խում­բին, որուն հետ մաս կազ­մած առա­ջին հան­դի­պու­մին յա­ջո­ղե­ցաւ եր­կու առիթ­նե­րով ցն­ցել մր­ցա­կից Նիւ Քա­սըլ խում­բին դար­պա­սը՝ 46 -րդ եւ 62-րդ վայրկ­եան­նե­րուն: Հան­դի­պու­մը վերջ գտաւ 4-0 ար­դիւն­քով: Ման­չես­թը­րի մնաց­եալ եր­կու կո­լե­րը նշա­նա­կե­ցին Պրո­նօ Ֆեր­նան­տէ­զը՝ 80-րդ եւ Ճէ­սի Լին­կար­տը՝ 90-րդ վայրկ­եան­նե­րուն: Շնոր­հիւ այս ար­դիւն­քին, Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը10 կէ­տով կը գրա­ւէ աղիւ­սա­կին առա­ջին դիր­քը, իրեն կը յա­ջոր­դէ Ման­չես­թըր Սի­թին՝ 9 կէ­տով:
ԻՒ­ՐԻ ՏԻ­ԼԵ­ՄԱՆՍ ՊԱ­ՀԱՆՋ­ՈՒԱԾ Է
ԵՐԵՔ ԱԿՈՒՄԲ­ՆԵ­ՐԷ
Ըստ AS-ին, Սպան­իոյ Ռէ­ալ Մատ­րի­տը, քա­թա­լոն­էա­կան Պար­սե­լո­նան եւ Անգլ­իոյ Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը հե­տաքրքր­ուած են անգլ­ի­ա­կան Լես­թըր Սիթիի 24-ամ­եայ պել­ճի­քա­ցի կի­սա­պաշտ­պան Իւ­րի Տի­լե­ման­սի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով: Փո­խադ­րու­թիւնը կր­նայ տե­ղի ու­նե­նալ 2022 թուա­կա­նի ամ­րան։ Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թըտ Տի­լե­ման­սը իր կազ­մին մի­աց­նել կ’ու­զէ այն պա­րա­գա­յին, եթէ յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նին խում­բէն հե­ռա­նայ աշ­խար­հի ախոյ­եան, Ֆրան­սա­յի հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան Փոլ Փոկ­պան։ Իւ­րի Տի­լե­ման­սի փո­խադ­րու­թեան ար­ժէ­քը սահ­ման­ուած է 55 միլի­ոն եւ­րո­յով։ Ան Լես­թըր Սիթի­ին հետ է 2019 թուա­կա­նէն ի վեր, իսկ պայ­մա­նագ­րու­թիւնը կ’եր­կա­րի մին­չեւ Յու­նիս 2023։
Ռաֆ­ֆի Սիւ­լահ­եան