Չորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանին մէջ սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի անդամները այցելեցին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցան դեսպան Տիգրան Գէորգեանին հետ եւ շնորհաւորեցին զինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով։ Յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւնները եւ այցելութիւնները պիտի շարունակուին եւ ինչու չէ նաեւ պիտի զարգանան։ Իր կարգին դեսպան Գէորգեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին ընտրութիւնն էր։ Ան դարերու ընթացքին դարձաւ անկախ եւ հողի պահանջատէր ժողովուրդ։ Դեսպան Գէորգեան աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Սուրիոյ գործակցութեան հիմքը կայուն է։ 2009-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին Հայաստան այցելութենէն ետք եւ 2010-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանին Սուրիա այցելութենէն ետք, Հայաստանի եւ Սուրիոյ գործակցութիւնը զարգացաւ։