“Արմէնփրէս”._Ռուսիան կը շարունակէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը համարել կարեւոր միջոց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ Այս մասին Տաշքենտի մէջ ՏԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն: Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօ՛ք Մինսքի խումբի ձեւաչափը ռուսական կողմին համար պահպանած է իր արդիականութիւնը՝ Ռուտենքօ յայտնած է, որ ան անգործութեան մատնուած չէ: “Յարաբերութիւնները կը շարունակուին, թէեւ ոչ այնքան հրապարակային, սակայն կը շարունակուին: Մինսքի խումբի մեր համանախագահը այցելալ է Պաքու եւ Երեւան, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է բարձր մակարդակով: Ներկայիս համանախագահներու եռեակը ծրագրած է հանդիպիլ Նիւ Եորքի մէջ՝ Գլխաւոր միութեան շրջանակի մէջ, ուր հանդիպած են իրար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Եթե ասիկա տեղի ունենայ, ապա լաւ նշան կ’ըլլայ, որ երկու երկիրներու միջեւ կարգաւորման գործընթացը գործնական տեսք ստացած է»,- յայտարարած է Ռուտենքօն: