Դպ­րոց­նե­րու վե­րա­մու­տին հետ, յար­մար նկա­տե­ցի այս մատ­նան­շում­նե­րը կա­տա­րել:
Ու­սու­ցի­չի մը, կամ կր­թա­կան մշա­կի մը  դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ հե­ղի­նա­կու­թեան սահ­ման­նե­րը ի՞նչ են. արդ­եօք անոնք դա­սա­րա­նի սահ­ման­նե­րէն ան­դին չե՞ն անցնիր: Արդ­եօք դպ­րո­ցի սահ­ման­նե­րէն ան­դի՞ն ալ կը տա­րած­ուին: Այ­սինքն՝ ու­սու­ցի­չը միայն իր դա­սա­տուու­թ­եա՞ն պա­տաս­խա­նա­տու է եւ բնաւ չի՞ խառն­ուիր աշա­կեր­տին ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին, կամ ար­տադպ­րո­ցա­կան  վարք ու բար­քին: Արդ­եօ՞ք այս հար­ցը կը տար­բե­րի ժո­ղո­վուր­դէ-ժո­ղո­վուրդ, կամ երկ­րէ- եր­կիր:
Կեդ­րո­նա­նա­լով մեր հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն վրայ, արդ­եօ՞ք Սփիւռ­քի մէջ վի­ճա­կը տար­բեր է Հա­յաս­տա­նէն: Այս հար­ցին հետ ինչ­պէ՞ս կը վար­ուին ծնող­նե­րը:
Եր­կար տա­րի­ներ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ ծա­ռա­յած ըլ­լա­լով, այս հար­ցե­րը միշտ ալ մտա­հո­գած են զիս, իսկ այ­սօր, երբ ար­դէն, տա­րի­քի բեր­մամբ  հանգստ­եան կոչ­ուած եմ, Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րե­լով, չեմ դադ­րած մտա­հոգ­ուե­լէ մեր դպ­րո­ցա­կան սե­րուն­դին, մեր պար­ման-պար­մա­նու­հի­նե­րուն  վարք ու բար­քով:
Ես պաշ­տօ­նա­վա­րած եմ թէ՛ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, թէ՛ ալ օտար: Այ­ցե­լած եմ օտար վար­ժա­րան­ներ Եւ­րո­պա­յի մէջ, ինչ­պէս նա­եւ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ ԱՄՆ-ի մէջ: Տե­սա­դաշտս եղած է բա­ւա­կան ըն­դար­ձակ, եւ կու­տա­կած դի­տում­ներս՝ բա­ւա­կան ճոխ:
Եւ­րո­պա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ նկա­տած եմ ու­սու­ցի­չին ան­տար­բե­րու­թիւնը աշա­կեր­տին վարք ու բար­քին նկատ­մամբ, ըլ­լայ դա­սա­րա­նէն ներս, ըլ­լայ դա­սա­րա­նէն դուրս. ան միայն հե­տաքրքր­ուած է իր դա­սա­ւան­դու­մով: Աշա­կեր­տը Դա­սա­րա­նին մէջ կր­նայ շատ կար­գա­պահ չըլ­լալ, դա­սա­րա­նէն դուրս, ընդ­միջ­ման՝ դպ­րո­ցի շր­ջա­փա­կին մէջ  կր­նայ կռ­ուիլ, կամ իր սի­րած ըն­կե­րուհի­ին փաթթ­ուիլ. ու­սու­ցի­չը կը տես­նէ ու ան­տար­բեր կը մնայ: Եւ­րո­պա է, ազա­տու­թիւն… Լոս Ան­ճե­լո­սի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի մէջ նկա­տած եմ զբօ­սան­քի ըն­թաց­քին, անխ­տիր բո­լո­րին անգլ­ի­ա­խօ­սու­թիւնը, իսկ հս­կիչ ու­սուց­չուհի­ին ան­տար­բե­րու­թիւնը:
Հա­լէ­պի մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րած եմ օտա­րահ­պա­տակ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր տե­ղա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ տար­բեր, որոշ  ազա­տու­թիւն­ներ ու­նէ­ին աշա­կերտ­նե­րը, սա­կայն չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը զս­պող զգու­շա­ցում­ներ ալ տե­ղադր­ուած էին դպ­րո­ցի ծրա­գիր-կա­նո­նագ­րի գր­քոյ­կին մէջ: Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի, յատ­կա­պէս Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, կը պահ­պան­ուին բա­րո­յա­կան ըմբռ­նում­ներն ու սահ­ման­նե­րը, ծնո­ղաց եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան որ­պէս ար­դիւնք:
Իմ ու­սուց­չա­կան եւ տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, միշտ ըսած եմ, որ ես միայն ու­սու­ցիչ չեմ, ես իրենց երկ­րորդ ծնողն եմ, եւ իմ դի­տո­ղու­թիւն­ներս, կամ գնա­հա­տանք­ներս կը բխին այդ կեց­ուած­քէն ու գի­տակ­ցու­թե­նէն: Դա­սե­րէն ան­դին, զբա­ղած եմ անոնց անձ­նա­կան-ըն­տա­նե­կան հար­ցե­րուն լու­ծում­ներ գտ­նե­լով, բա­ներ, որոնք ազ­դած են աշա­կեր­տին դա­սե­րուն վրայ: Մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր եղած է հայ աշա­կեր­տին բա­րո­յա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը, անոր մէջ ապա­գա­յի խե­լա­ցի, գի­տա­կից, հայ­րե­նա­սէր, յանձ­նա­ռու հայ երի­տա­սար­դը կեր­տե­լը, յա­նուն մեր ազ­գի ապա­գա­յին:
Աշա­կեր­տի ար­տադպ­րո­ցա­կան վար­քի պա­րա­գան, պե­տա­կան, թէ հա­մայն­քա­յին կր­թա­կան ծրագ­րին մէջ յիշ­ուած ըլ­լայ, կամ՝ ոչ, հայ ու­սու­ցի­չը պար­տա­ւոր է  պատ­րաս­տե­լու ապա­գա­յի սե­րուն­դը, յա­նուն ազ­գա­պահ­պան­ման:
Հա­յաս­տա­նի դպ­րոց­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ, ինչ­պէս շատ մը երե­ւոյթ­ներ, արեւմտ­եան ազա­տու­թիւն­նե­րու նմա­նա­կում­ներ նկա­տե­լի են: Դպ­րո­ցա­կան վե­րին դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­ներ տե­սած եմ, որոնք դպ­րո­ցի դռ­նէն դուրս ել­լել­նուն պէս սի­կա­րէթ կը վա­ռեն: Ու­սու­ցիչ մը երբ տես­նէ, պէտք չէ՞ հան­դի­մա­նէ, թէ՞ ան­տար­բեր անց­նե­լու է:
Հա­յաս­տա­նի մէջ կը նկա­տեմ, որ այդ մտա­հո­գու­թիւնը դպ­րոց­նե­րու մէջ, նոյ­նիսկ ծնող­նե­րու մօտ  այն­քան ալ պար­տա­ւո­րեց­նո­ող չէ: Ատոր հա­մար ալ մեր նո­րափ­թիթ պա­տա­նի­նե­րը կը մեծ­նան, կը հաս­նին երի­տա­սար­դու­թեան սե­մին, աւե­լի ազատ իրենց կեն­ցա­ղին մէջ,  սի­րա­յին, մտեր­միկ  յա­րա­բե­րութ­եանց մէջ, թմ­րա­դե­ղե­րու օգ­տա­գործ­ման մէջ, եւ կը պա­տա­հի ան­խու­սա­փե­լին, սե­րունդ մը մէջ­տեղ կու գայ, ան­տար­բեր ամէն ին­չի նկատ­մամբ, կա­րե­ւո­րե­լով միայն անձ­նա­կան հա­ճոյ­քը: Ան­շուշտ կան բա­ցա­ռու­թիւն­ներ, ըն­տա­նե­կան սր­բու­թիւն­նե­րը յար­գող, նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րը ան­խա­թար պա­հող, մա­քուր կեն­ցա­ղով, միտ­քով ու հոգի­ով, որոնց նպաս­տած կ’ըլ­լայ իրենց ծնո­ղաց  եւ  դպ­րո­ցին լրա­ցու­ցիչ դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը:
Ու­սու­ցի­չին հե­ղի­նա­կու­թիւնը յա­նուն դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան սահ­ման ճանչ­նա­լու չէ:
Յակոբ Միքայէլեան