Պա­տահ­մամբ յայտ­նա­բե­րե­ցի թուրք-ամե­րիկ­եան  tenthousandturks.org  կայ­քը, որ նկա­րագր­ուած է իբ­րեւ՝ «Տա­սը հա­զար թուր­քե­րու ար­շաւ»։
Կայ­քը կը նե­րա­ռէ հինգ թուրք-ամե­րիկ­եան քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ան­ջատ յանձ­նա­խում­բե­րու (PACեր) մի­աս­նա­կան տե­ղե­կու­թիւնը.
1) ԱՄՆ քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թր­քա­կան  հա­մախմբ­ման  յանձ­նա­խումբ (TC-USA PAC):
2) Քա­լի­ֆորն­իոյ քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թր­քա­կան  հա­մախմբ­ման  յանձ­նա­խումբ (TC-CAL PAC):
3) Թուրք ամե­րի­կա­ցի իրա­ւա­բան­նե­րու քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին  հա­մախմբ­ման  յանձ­նա­խումբ (NC-TAL PAC):
4) Թուրք ամե­րի­կա­ցի կա­նանց քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մախմբ­ման յանձ­նա­խումբ (NC-TAW PAC):
5) Թուրք-ամե­րիկ­եան քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խումբ (TURKISH PAC-TX)։
Կայ­քին մէջ նշ­ուած է, որ «Տա­սը հա­զար թուր­քե­րու ար­շաւ»ը մեկ­նար­կած է 29 Ապ­րիլ 2010էն սկս­եալ։ Նպա­տակն է՝ «հաս­նիլ աւե­լի քան տա­սը հա­զար թուրք ամե­րի­կա­ցի­նե­րու եւ Թուրք­իոյ բա­րե­կամ­նե­րու, որոնք կ’ու­զեն նե­ցուկ կանգ­նիլ եւ աջակ­ցիլ այն թեկ­նա­ծու­նե­րուն, որոնք գի­տեն ԱՄ­Նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ար­ժէ­քը»: Այս PACերու դա­շին­քը որ­դեգ­րած է «ԱՄ­Նի եւ Թուրք­իոյ դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ»ու խթան­ման անհ­նա­րին առա­ջադ­րան­քը: Թուրք­իոյ ղե­կա­վար Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան մեծ աշ­խա­տանք կա­տա­րած է՝  ոտ­նա­հա­րե­լու  թուրք-ամե­րիկ­եան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ Թուրք­իոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ ու­րիշ շատ մը եր­կիր­նե­րու հետ: Ես կ’առա­ջար­կեմ, որ թուրք ամե­րի­կա­ցի­նե­րը դժ­ուա­րու­թեամբ շա­հած իրենց գու­մար­նե­րը վատ­նե­լու փո­խա­րէն ազա­տին Էր­տո­ղա­նէն, ինչ որ մի­ան­գա­մայն կը բա­րե­լա­ւէ ամե­րի­կաթր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:
Խում­բի կայ­քին մէջ կը ներ­կա­յաց­ուի, որ թր­քա­կան հինգ PACերը մի­ա­սին առած՝ 2007էն մին­չեւ 2020 հա­ւաք­ուած է 2 միլի­ոն 152 հա­զար 849 տո­լար, ԱՄ­Նի քա­ղա­քա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու հա­մար։ Հե­տաքրք­րա­կան է, որ անոնց ստա­ցած ներդ­րում­նե­րուն չա­փը 2015-2016  թուա­կան­նե­րուն եղած 510 հա­զար 765 տո­լար եւ որ կտ­րուկ նուա­զե­լով՝ 2019-2020 թուա­կան­նե­րուն իջած է 202 հա­զար 640  տո­լա­րի։ Ասի­կա կր­նայ ցոյց տալ, որ թուրք ամե­րի­կա­ցի­նե­րը այդ­քան ալ յոյս չու­նին, որ ամե­րի­կա-թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը բա­րե­լաւ­ուին՝ քա­ղա­քա­կան ար­շաւ­նե­րու հա­մար գու­մար նուի­րե­լով: Կայ­քը չի բա­ցատ­րեր, թէ ինչ­պէ՞ս խում­բը յա­ջո­ղած է գու­մար­ներ հայ­թայ­թել 2007-էն 2009՝ նախ­քան 2010 թուա­կա­նին իր կազմ­ուի­լը:
Թր­քա­կան կայ­քը կը տրա­մադ­րէ նա­եւ 2019-2020 թուա­կան­նե­րու ընտ­րա­կան փու­լի հինգ PACերէն իւ­րա­քան­չիւ­րին կող­մէ հա­ւաք­ուած գու­մա­րին չա­փը. TC-USA PAC (57 հա­զար 500 տո­լար).  TC-TAW PAC (37 հա­զար 750 տո­լար). TC-CAL PAC (44 հա­զար 490 տո­լար). TC-MIDWEST PAC (35 հա­զար 800 տո­լար) եւ Թր­քա­կան PAC-TX (27 հա­զար տո­լար): Որոշ խում­բեր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին փո­խած են իրենց անուն­նե­րը:
Ահա՛ լրա­ցու­ցիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ իւ­րա­քան­չիւր խում­բի մա­սին.
1) TC-USA PAC. Այս խում­բին դրա­մա­հա­ւա­քը 2009-2010 եղած է 231 հա­զար 950 տո­լար, մինչ 2019-2020 տա­րի­նե­րուն նուա­զած է մին­չեւ 59 հա­զար 500 տո­լա­րի։ Գլ­խա­ւոր գրա­սեն­եա­կը կը գտն­ուի Ուա­շինկ­թըն: Գ. Լին­քըն Մք­Քըր­տի գան­ձա­պահն է, իսկ Լուէտ Ռա­կու­զա՝ փաս­տա­թուղ­թե­րու պա­հա­պա­նը:
2) TC-CAL PAC. Այս խում­բին դրա­մա­հա­ւա­քը 2015-2016 թուա­կա­նին եղած է 64 հա­զար 400 տո­լար եւ  նուա­զած 44 հա­զար 490 տո­լա­րի՝  2019-2020  տա­րի­նե­րուն։ Կը գտն­ուի Քա­լի­ֆորն­իոյ Լոնկ Պիչ քա­ղա­քը: Մար­իա Չա­քի­րա­կան գան­ձա­պահն է, իսկ Ել­տա Պարթ­լեթ՝ Հիւ­սի­սա­յին Քա­լի­ֆորն­իոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:
3) NC-TAL PAC. Դրա­մա­հա­ւա­քի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն չկայ  իր սե­փա­կան կայ­քին վրայ: Գլ­խա­ւոր գրա­սեն­եա­կը կը գտն­ուի Ուա­շինկ­թըն։ PAC-ի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը եւ յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր ան­դամ­ներն են Տո­րին Էտըլ­մէն՝ նա­խա­գահ, Ռա­պըրթ Լե­ւենթ Հեր­կիւ­ներ՝ գան­ձա­պահ, Այ­լին Աճի­քա­լին, Զե­լի­հա Արս­լան, Ել­տա Պարթ­լեթ եւ Լո­րենս  Ճենք Լո­ուզ:
4) NC-TAW PAC. Դրա­մա­հա­ւա­քի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն չկայ անոր կայ­քին մէջ: Գլ­խա­ւոր գրա­սեն­եա­կը կը գտն­ուի Ուա­շինկ­թըն. Թու­պա Ֆի­րինճի­օղ­լու գան­ձա­պահն է, իսկ Լուեթ Ռա­կու­զա՝ փաս­տա­թուղ­թե­րու պա­հա­պա­նը: Լուեթ նոյն պաշ­տօ­նը կը կա­տա­րէ TC-USA PAC-ի մէջ: Կայ­քը կը պն­դէ, որ քա­ղա­քա­յին եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու մէջ կան ընտր­ուած 11 թուրք պաշ­տօն­եա­ներ եւ ոչ ոք՝ պե­տա­կան կամ դաշ­նակ­ցա­յին մա­կար­դակ­նե­րու մէջ:
5) Թր­քա­կան PAC-TX. Դրա­մա­հա­ւա­քի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն չկայ անոր կայ­քէ­ջին մէջ եւ ոչ մէկ ղե­կա­վա­րի անուն կը նշ­ուի: Խում­բին գրա­սեն­եա­կը կը գտն­ուի Հիւս­թը­նի մէջ, Թեք­սաս:
Հե­տեւ­եալ լրա­ցու­ցիչ տե­ղե­կու­թիւնը կա­րե­լի է գտ­նել tenthousandturks.org կայ­քին մէջ. «2019-2020ի ընտ­րա­կան փու­լին PAC-երը նուի­րած են՝ Գոնկ­րե­սի դե­մոկ­րա­տա­կան քա­րո­զար­շա­ւի յանձ­նա­խում­բին (DCCC), Գոնկ­րե­սի ազ­գա­յին հան­րա­պե­տա­կան յանձ­նա­խում­բին (NRCC), Գոնկ­րե­սի սե­ւա­մորթ խմ­բա­ւոր­ման PACին (CBC PAC) եւ Bold PAC-ին (Գոնկ­րե­սի սպա­նա­խօս PAC-ին)։
«PAC-երը նա­եւ նուի­րած են երեք ամե­րի­կա­ցի ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու, ԱՄՆ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի 61 թեկ­նա­ծու­նե­րու եւ նա­հան­գա­յին կամ տե­ղա­կան մր­ցա­պայ­քար­նե­րու 10 թեկ­նա­ծու­նե­րու։ Յաղ­թա­նակ­նե­րուն տո­կո­սը կազ­մած է՝ Ծե­րա­կոյ­տի հա­մար 100, Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի հա­մար 98 եւ  նա­հան­գա­յին  ու տե­ղա­կան պաշ­տօն­նե­րու հա­մար 50 առ հա­րիւր։ Առա­ւել, PACերը կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած են 2020ին, հան­րա­յին  պաշ­տօն­նե­րու հա­մար պայ­քա­րող 11 թուրք ամե­րի­կա­ցի­նե­րու, ցարդ ամէ­նէն մեծ թիւով եւ թուրք ամե­րի­կա­ցի երեք ամու­սին­նե­րու, ընդ­հա­նուր թիւով՝ 14 թեկ­նա­ծու­նե­րու հա­մար:
«2019-2020 ընտ­րա­կան փու­լին PACերու նշա­նա­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը հե­տեւ­եալ­ներն էին.
«(1) Թուրք­իոյ խմ­բա­ւոր­ման նախ­կին հա­մա­նա­խա­գահ, գոնկ­րե­սա­կան Փիթ Սե­շըն­զի վե­րա­դար­ձը՝ Թեք­սա­սի 17րդ գոնկ­րե­սա­կան շր­ջա­նի մէջ յաղ­թա­նա­կը՝ 2018ին կրած պար­տու­թե­նէն ետք, երբ կը ներ­կա­յաց­նէր 32րդ շր­ջա­նը.
«(2) Հա­րա­ւա­յին Քա­լի­ֆորն­իոյ մէջ թուրք ամե­րի­կա­ցի­նե­րու յայտ­նի ըն­կեր Ֆար­րահ Խա­նի ընտ­րու­թիւնը իբ­րեւ Ըր­վայ­նի քա­ղա­քա­պետ, Քա­լի­ֆորն­իա.
«(3) Թուրք ամե­րի­կա­ցի Այ­շա Սաուա­յի ընտ­րու­թիւնը՝  իբ­րեւ Ուիս­քան­սըն նա­հան­գի Միլ­ուա­քի քա­ղա­քի հաշ­ուեքն­նիչ.
(4) Թուրք  ամե­րի­կա­ցի Թայ­ֆուն Սե­լե­նի վե­րընտ­րու­թիւնը իբ­րեւ  գա­ւա­ռա­յին  յանձ­նա­կա­տար՝ Նիւ Ճըրզիի Մո­րիս գա­ւա­ռի ընտր­ուած խոր­հուր­դին.
(5) Պեն Պարթ­լե­թի՝ թուրք ամե­րի­կու­հի Ել­տա Պարթ­լե­թի ամուս­նոյն վե­րընտր­ուի­լը իբ­րեւ քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ, Պըրքլիի մէջ, Քա­լի­ֆորն­իա: Եւ՝
(6) Թուրք ամե­րի­կա­ցի Սարփ Էր­սոյլ­ուի կնոջ՝ Լիա Էր­սոյլ­ուի ընտ­րու­թիւնը Քա­լի­ֆորն­իոյ Օրէնճ Գա­ւա­ռի Նիւ­փորթ Մե­սա մի­աց­եալ դպ­րո­ցա­կան շր­ջա­նի հո­գա­բար­ձու»:
Բնա­կա­նա­բար, թուրք ամե­րի­կա­ցի­նե­րը իրա­ւունք ու­նին Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ նիւ­թա­պէս սա­տա­րե­լու քա­ղա­քա­կան ար­շաւ­նե­րու, ինչ­պէս կ’ընէ ոե­ւէ ամե­րի­կա­ցի: Մի­ակ խն­դի­րը այն է, որ անոնք իրենց քա­ղա­քա­կան դաշ­տը կ’օգ­տա­գոր­ծեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին կեղ­ծիք­ներ տա­րա­ծե­լու հա­մար: Անոնց դրա­մա­հա­ւա­քի քա­ղա­քա­կան կայ­քը լե­ցուն է ապա­տե­ղե­կա­տուու­թեամբ՝ Օս­ման­եան Թուրք­իոյ կող­մէ հա­յե­րու նկատ­մամբ իրա­կա­նաց­ուած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին։ Այս իրա­կա­նու­թեան դի­մաց, ամե­րի­կա­հա­յե­րը պէտք է հա­կազ­դեն իրենց սե­փա­կան՝ «Մէկ միլի­ոն հա­յե­րու ար­շաւ»ի ստեղ­ծու­մով:
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան