Անկախութեան իւրաքանչիւր տօնին, պահ մը կը մտաբերենք ամբողջական Հայաստանն ու այսօրուան մեզի մնացած հայրենիքին մէկ մասը։
Կը մտաբերենք ու կը խորհինք… Ինչո՞ւ տարիներու ընթացքին պատառ առ պատառ կորսնցուցած ենք մեր ժողովուրդին քրտինքով, արիւնով, աշխատանքով նուաճուած հայրենի հողերը։ Զարգացող աշխարհին մէջ ի՞նչն է տիրողը՝ ուժի՞ն օրէնքը, թէ օրէնքին ուժը։ Ինչո՞ւ 21-րդ դար նուաճած մարդը արդարութիւն հաստատողի բարձունքին չէ հասած ու դարձած է անտառի օրէնքի գերին։ Ինչո՞ւ մինչեւ այսօր իրաւունքները կը խլուին զէնքի ուԺով, բռնութեամբ, յանուն նիւթին, պետութիւններու միջեւ նիւթական շահերու, իշխանութիւններու հաստատման, իսկ ժողովուրդը յաճախ կ’անտեսուի, հակառակ անոր որ բոլոր լոզունգներուն մէջ անպայման կը յիշուին ժողովուրդ, ժողովըրդավարութիւն, ժողովուրդի շահեր, ազգերու ինքնորոշման իրաւունք եզրերը։
21-րդ դարը հաստատեց, որ պետութիւններ կրնան յաղթել նաեւ դիւանագիտութեամբ, աշխատանքով եւ գիտական տարբեր ոլորտներու մէջ յառաջընթաց արձանագրելով, ոչ միայն անպայման քարիւղ, հարստութիւն, զէնք եւ իշխանութիւն ունենալով, որոնք կրնան սպառիլ վերջապէս։
Յատկապէս Հայաստանի նման փոքր եւ մեծ պետութիւններով շրջապատուած երկիրները տարիներու ընթացքին պէտք ունէին հզօրացման՝ ոչ միայն բանակի կարելիութիւններու, այլեւ գիտական, արդիւնաբերական տարբեր ոլորտներու մէջ, որպէսզի ամրագրէին իրենց անկախութիւնը եւ մեր ազգին ինքնորոշման իրաւունքը կարելի չըլլար անտեսել ոչ ներքին, իշխող ուժերու, ոչ ալ արտաքին աշխարհին ու թշնամի պետութիւններուն կողմէ։
Օրինակները շատ են այն երկիրներուն, որոնք ստեղծագործ մտքով, իրենց գիտական եւ տնտեսական լծակներուն ուժով կը պայքարին հզօր բանակ ունեցող պետութիւններու դէմ եւ կը ստիպեն զիրենք հաշուի նստիլ իրենց հետ։
Անկախութեան տօնը կը դիմաւորենք ծանր պայմաններու մէջ, մեր հայրենիքի սահմանները վտանգուած են, թուրքն ու ազերին նոր թակարդներ լարած կը փորձեն զիջումներուն առաւելագոյնը խլել Հայաստանէն, իսկ երկրի սահմաններուն հսկողութիւնը վստահուած է Ռուսիոյ։
Այս բոլորը հետեւանք են իշխող տարբեր ուժերու կողմէ յաղթանակները պահպանելու ծրագրաւորումի բացակայութեան եւ ժողովուրդի շահերու անտեսման։ Արդար հասարակարգի մէջ ապրող ժողովուրդն է, որ կը մնայ պահանջատէր ու մարտունակ, իսկ երբ անոր կենսամակարդակը աստիճանաբար կը նուազի, ան յուսալքուած վերջ կու տայ իր պայքարին ու կը համակերպի իրեն պարտադրուած պայմաններուն։
Այս ալ պարտութեան նախապատրաստութիւն չէ՞ միթէ։ Իշխանութիւնները կրնան ժամանակաւորապէս հիասթափեցնել ժողովուրդը յանուն իրենց շահերուն, սակայն իրականութեան մէջ, անոնք կը կորսնցնեն իրենց հայրենիքին ու իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար պայքարելու պատրաստ ժողովուրդին մարտունակութիւնը եւ կ’ունենան կրաւորական ժողովուրդ մը, որ պայքարելու փոխարէն ապրուստի իր հոգերով տարուած իր գոյութիւնը քարշ տալու ելքել կ’որոնէ պարզապէս։
Անկախութեան արժէքը պահելու, անկախօրէն ճակատագիր տնօրինելու, պաշտպանուելու եւ հողերուն, իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու համար պետութիւններ հարկ է որ նախ ժողովուրդը զօրացնեն, զինք ներքնապէս ուժեղացնեն ու բազմակողմանի զարգացման կարելիութիւններ ստեղծեն, որպէսզի ան կարենայ ստեղծել պաշտպանուելու ի՛ր զէնքը, ի՛ր հարստութիւնը, երբեմն նոյնիսկ անակնկալի բերելով թշնամին։
Իրենց ժողովուրդին իրաւունքներուն տիրութիւն չընող ու ժամանակաւոր շահերու համար շարունակաբար զիջումներու դիմող իշխանութիւնները պատճառ դարձած են ու կը դառնան յաճախ, որ Հայաստանը պատառ առ պատառ խլուի ծաւալապաշտ դրացիներու կողմէ։
Հայ ազգը, ժողովուրդը երբեք յուսալքուելու չեն, այլ պարտադրելու են երկրի իշխանութիւնները, որ պայքարին իրենց պատմական իրաւունքներուն ձեռքբերման համար՝ ներքին միասնակամութեան եւ նորարար քաղաքականութեան, դիւանագիտական աշխատանքի հմտութիւնը ունենալով։
Տօնդ շնորհաւոր, Հայաստա՛ն։ Անկախութեանդ պահպանման համար երիտասարդ սերունդներդ նահատակուեցան, որպէսզի հողին հետ շաղախուին ու իրենց արեամբ ողողուած եռաբլուրի այդ հողէն լոյս ժայթքի՝ նոր եւ լուսաւոր ճամբու մը ուղենիշը դառնալով երկիրը ղեկավարող իշխանութիւններուն, ժողովուրդին ու քաղաքական ուժերուն։