22 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է քննարկում` Արցախի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ առկայ հարցերու լուծման ուղիներու մասին նիւթով:

Քննարկումը հրաւիրուած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի քաղաքային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ` կոմիտէութեան խումբ մը անդամներու մասնակցութեամբ: Քննարկման մասնակիցները բաժնեկցած են իրենց մտահոգութիւնները, խօսած են առաջնահերթ լուծում պահանջող հարցերուն, անոնց հանգուցալուծման գործին մէջ ՀՅԴ դերակատարութեան մասին:

«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ԱՀ նախագահի խորհրդական Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած է ներքին եւ արտաքին հիմնական մարտահրաւէրներու վեր հանումը, անոնց ժողովուրդին ներկայացնելը: Անոր  խօսքին համաձայն, պէտք է կանխել Պաշտպանութեան Բանակի կազմալուծումը, Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ գործուն աշխատանք տանիլ, սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներուն համար արտօնեալ պայմաններ սահմանել:

Սերկէյ Շահուերդեան անհրաժեշտ  համարած է սթափօրէն առկայ, գործնական հարցերու գոյքագրումը: «Լայնածաւալ պայքար  սկսած է Արցախեան խորհրդանիշներու դէմ, բնակչութեան շրջանին մէջ յուսահատութիւն  նկատուած է անվտանգութեան հետ կապուած հարցերուն եւ ընկերային  անարդարութեան պատճառով: Անհրաժեշտ է բոլոր հարցերը վեր հանել եւ մեր կարելիութեան սահմանին էջ ներազդել իրադարձութիւններու վրայ», ըսած է Ս.Շահուերդեան:

Քննարկման մասնակիցները կարեւոր համարած են բռնազաւթուած տարածքներու բնակիչներուն համար բնակարաններու կառուցման, տրամադրումին հետ մէկտեղ, վառ պահել իրենց նախկին բնակութեան վայրեր վերադառնալու հաւատը: Նաեւ շեշտուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ տարբեր մակարդակներու մէջ կապերու հաստատման անհրաժեշտութիւնը: