«Ապառաժ».-Ի յիշատակ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած նուիրեալներուն, Ստեփանակերտի մէջ տեղի  ունեցած է «Արցախը կ’ապրի» խորագիրը կրող ջահերթ, որուն մասնակցած են հազարաւոր արցախցիներ:

նախքան երթին սկսիլը Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Տէր Մինաս քահանայ Մովսիսեանին ձեռամբ մատուցուած է հոգեհանգստեան կարգ:

Երթի ընթացքին Ստեփանակերտի տարբեր շրջաններէն երթին միացած են Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու անունները կրող թեւերը:

Երթը աւարտած է Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ, ուր մասնակիցները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են նահատակուած նուիրեալներու յիշատակին: