«Ապառաժ».- Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ ի պատասխան Ատրպէյճանի հետ սահմանին Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու խումբին լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն, Թուրքիան իր կարգին զինուորական ճարտարագիտական ուժեր ուղարկած է Իրանի հետ սահմանին: Իրանի զօրավարժութիւնները սկսած են 2 Հոկտեմբերի առաւօտեան երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ` Արտապիլի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ատրպէյճաններու մէջ: Անոնք որակուած են վերջին տասնամեակներու ընթացքին ամենամեծը: Իրանաատրպէյճանական հակամարտութեան պատճառը ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներուն հակաիրանական յայտարարութիւններն ու սպառնալիքներն էին, ինչպէս նաեւ իրանական բեռնատարներու շուրջ ծագած հարցը: