Իրանի զինեալ ուժերը որոշած են երկրորդ լայնածաւալ զօրավարժութիւնները կատարել Ատրպէյճանի հետ սահմանին, որ տարատեսակ քննարկումներու տեղի տուած է։ Միջազգային լրատուամիջոցներու գլխագիրներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ տարածաշրջանի կարելի նոր բախումներու մասին ահազանգերու: Տակաւին զօրավաժութիւններէն առաջ իրանական կողմը ակնարկած էր, թէ քաջատեղեակ է Ատրպէյճանի ու Իսրայէլի միջեւ գործակցութենէն ու չի հանդուրժեր «սիոնիստական վարչակարգի ցուցադրական ներկայութիւնը իր սահմաններուն մօտ»: Բացի այդ, Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութիւնը ջուրի երես դուրս եկաւ նաեւ այն ատեն, երբ շաբաթներ առաջ ատրպէյճանական կողմը սկսաւ տուրքեր գանձել Գորիս-Կապան ինքնաշարժային ուղիով անցնող իրանական բեռնատարներէն, յետոյ ձերբակալեց երկու վարորդները՝ ապօրինի կարգով Արցախ այցելելուն համար: Երկրորդ շաբաթն է՝ բանտարկուած իրանցիներու ճակատագիրի մասին որեւէ բան չէ հաղորդուած: Իրանական կողմէն արդէն բաւականին յստակ ազդակներ կու գան, որ Սիւնիքը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածք է նաեւ Թեհրանին համար: Վերջին զարգացումներուն հետեւած եւ Իրան-Ատրպէյճան լարուածութեան հիմնական պատճառներուն անդրադարձած է՝ Անահիտ Իւանեան։