Թէ­եւ մեր կեան­քին մէջ յա­ճախ կ’ապ­րինք յու­զիչ եւ տպա­ւո­րիչ պա­հեր, սա­կայն ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղի մար­զա­դաշ­տե­րու բաց­ման առինք­նող տե­սա­րա­նը հպար­տան­քի առիթ հան­դի­սա­նա­լով վեր­յի­շե­ցուց միու­թեան ար­ձա­նագ­րած մար­զա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րը եւ անց­եա­լի փառ­քի օրե­րը, մի­եւ­նոյն ատեն առիթ ըն­ծա­յեց կեն­սու­նակ նոր սե­րունդ­նե­րուն, որ­պէս­զի մար­զա­կան ոլոր­տէն ներս բար­ձունք­ներ նուա­ճե­լու ձգ­տում ու­նե­նան:
ՀՄԸՄ-ը զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ, շնոր­հիւ իր նուիր­եալ ան­դամ­նե­րուն, վար­չու­թիւն­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ւոր հա­մա­կիր­նե­րուն ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին, ու­նե­ցած է մար­զա­դաշ­տեր եւ ակումբ­ներ, որոնք մե­ծա­պէս նպաս­տած են հայ­կա­կան առողջ մթ­նո­լոր­տի ստեղծ­ման եւ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին:
Դաշ­տի բաց­ման խորհր­դա­ւոր պա­հուն, ՀՄԸՄ-ական ըլ­լա­լու հպար­տու­թիւնը կր­կին արթն­ցաւ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ, ի տես վե­րա­կա­ռուց­ուած դաշ­տե­րը, որոնք անհ­րա­ժեշտ են նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան հա­մար, հրամ­ցուող դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րուն կող­քին: Մթ­նո­լոր­տը ինք­նին հա­մախմ­բե­լով հայ կը պա­հէ մեր երի­տա­սարդ­նե­րը:
Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը ու ՀՄԸՄ-ական­ներս տե­սանք  արդ­ի­ա­կան ու այժ­մ­է­ա­կան պաս­քեթ­պո­լի եւ ոտ­նագն­դա­կի դաշ­տե­րուն, որոնք պի­տի ծա­ռա­յեն նոր սե­րուն­դի ֆի­զի­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան դաստ­ի­ա­րա­կութ­եան:
ՀՄԸՄ-ը հիմ­նադ­րու­թեան օրէն մին­չեւ օրս հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մէջ սեր­մա­նեց հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, ազ­գա­սի­րու­թեան, եղ­բայ­րա­սի­րու­թեան եւ իրե­րօգ­նու­թեան ոգին: ՀՄԸՄ-ը իր աւե­լի քան 100-ամ­եայ կեան­քի ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին տուաւ երի­տա­սար­դութ­եան բա­նակ մը, որ ազ­գա­յին ոգի­ով տո­գոր­ուած, պատ­րաս­տա­կա­մօ­րէն ծա­ռա­յեց՝ պահ­պա­նե­լու հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րը, ըն­տա­նե­կան սր­բու­թիւն­ներն ու հայ­րե­նի­քի ազա­տու­թիւնը: Փաստ՝ Ար­ցա­խի 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին մեր ՀՄԸՄ-ական անձ­նա­զոհ նա­հա­տակ­նե­րը, որոնք հայ­րե­նի­քին հա­մար զոհ­ուե­լու գա­ղա­փա­րը վեր դա­սե­ցին իրենց անձ­նա­կան կեան­քէն եւ իրենց արիւնը թա­փե­ցին հայ­րե­նի­քի ազա­տութ­եան հա­մար:
ՀՄԸՄ-էն ներս դաստ­ի­ա­րակ­ուած եւ հա­սակ առած նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­նե­րը, իրենց նուիր­ուա­ծութեամբ եւ յան­դուգն կեց­ուած­քով հայ ժո­ղո­վուր­դին յոյսն ու հա­ւատ­քը ամ­րա­ցու­ցին:
103 տա­րի­նե­րէ ի վեր ՀՄԸՄ-ը եղաւ ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ բո­ցա­վառ ջա­հը հայ երի­տա­սար­դու­թեան: Այդ ջա­հին մի­ջո­ցաւ հայ պա­տա­նին, սկաու­տը, մար­զի­կը, երի­տա­սարդն ու երի­տա­սար­դու­հին առաջ­նորդ­ուե­ցան դէ­պի լու­սա­ւոր ճա­նա­պարհ­ներ:
Այ­սօր ՀՄԸՄ-ին մեծ դեր եւ առա­քե­լու­թիւն վս­տահ­ուած է՝ հայ նոր սե­րունդ­նե­րը առաջ­նոր­դե­լու բա­րո­յա­կան եւ ազ­գա­յին առողջ դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ, պայ­քա­րե­լով ապազ­գայ­նաց­ման եւ այ­լա­սեր­ման բո­լոր օտա­րո­տի փո­թո­րիկ­նե­րուն դէմ:
Այս առի­թով շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ բո­լոր նուի­րա­տու­նե­րուն, աշ­խար­հաց­րիւ ՀՄԸՄ-ական­նե­րուն եւ կը վս­տա­հեց­նեմ, որ իրենց ըն­ծա­յա­բե­րած ամէն մէկ լու­ման իր նպաս­տը պի­տի բե­րէ Միու­թեան վեհ նպա­տակ­նե­րու իրա­կա­նաց­ման:
Սի­րե­լի՛ ՀՄԸՄ-ական քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ, խնա­մե­ցէ՛ք, գուր­գու­րա­ցէ՛ք եւ ձեր նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան  աջակ­ցու­թեամբ պահ­պա­նե­ցէ՛ք մեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներն ու յատ­կա­պէս ՀՄԸՄ-ը, որով­հե­տեւ յա­ջոր­դող սե­րուն­դը իր հայ­կա­կան դի­մա­գիծն ու նկա­րա­գի­րը պա­հե­լու հա­մար այ­սօր առա­ւել պէտք ու­նի ՀՄԸՄ-ի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան եւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չութեան անու­նով կը շնոր­հա­ւո­րեմ բո­լոր ՀՄԸՄ-ական­նե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի Սուր­իոյ եւ Հա­լէ­պի վար­չու­թիւն­նե­րը, մաղ­թե­լով, որ ՀՄԸՄ-ի «Բարձ­րա­ցիր-Բարձ­րա­ցուր» նշա­նա­բա­նի առաջ­նոր­դու­թեամբ անար­գել եւ յա­րա­ճուն վե­րելք­ներ ար­ձա­նագ­րեն:
Մանուկ Քէօշկէրեան