“Շանթ”._Իրանի խորհրդարանի պատգամաւորները միատեղ յայտարարութիւն տարածած են՝ աջակցութիւն յայտնելով երկրի հիւսիս-արեւմտեան սահմաններուն «Հայպարի նուաճողները» զորավարժութեան։ Այդ մասին յայտնած է ISNA -ն։ «Տարածաշրջանի մէջ որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն, դրացի երկիրներու սահմաններու փոփոխութիւնը Իրանի կարմիր գիծն է, եւ մենք օտարներու գործողութիւններուն պատասխանելու ատեն պիտի չյապաղենք։ Միաժամանակ չենք հանդուրժեր, որ որեւէ երկրի տարածք սիոնիստական վարչակարգի գործունէութեան ծառայէ։ Արաքսի երկայնքով «Հայպարի նուաճողները» զորավարժութեան իրագործումը իշխանութեան ու խաղաղութեան ուղերձ է եւ նախազգուշացում է սիոնիստական վարչակարգին։ Մեր դրացի երկիրներուն՝ եղբայրական Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութինները վաղեմի են ու կայուն։ Թշնամիներու հրահրումները չեն խախտեր այդ միասնութիւնն ու եղբայրութիւնը։ Իրանը բազմիցս ապացուցած է դրացի երկիրներուն՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ եղբայրութինն ու բարիդրացիականութիւնը։ Ոմանց պառակտիչ յայտարարութիւնները դէմ են բարիդրացիականութեան սկզբունքներուն եւ կ’ակնկալուի, որ Ատրպէյճանը կարելի եղածին չափ շուտ դէմ կը կանգնի եւ կը պայքարի նման յայտարարութիւններու ու վարքագիծի դէմ։ Մենք՝ Իրանի խորհրդարանի պատգամաւորներս, աջակցութիւն յայտնելով մեր բանակի խաղաղ զորավարժութեան եւ «Հայպարի նուաճողներուն», Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կոչ կ’ուղղենք պատգամաւորներու նախազգուշացումը փոխանցելու Կովկասի մէջ դերակատար կառավարութիւններուն», ըսուած է յայտարարութեան բնաբանին մէջ։