ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ստորեւ յիշուած յայտարարութիւնը տարածաշրջանային վերջին զարգացումներու առնչութեամբ Ազգային Ժողովին ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան:

«ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրօն ուշադիր կը հետեւի տարածաշրջանային զարգացումներուն։ Այս ուղղութեամբ չափազանց ուշագրաւ են անցնող շաբաթներուն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հրապարակած դիրքորոշումները եւ կատարած քայլերը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ՝ երկրի հիւսիսարեւմտեան բաժինին մէջ, որ կը սահմանակցի Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի բռնազաւթուած տարածքներուն ու Ատրպէյճանին։ Իրեն դրացի գրեթէ բոլոր տարածաշրջանները՝ Արեւելեան Միջերկրածովքէն մինչև Հարաւային Կովկաս եւ Մերձաւոր Արեւելք ապակայունացնող եւ զինուորական բախումներ հրահրող Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, այժմ Ատրպէյճանի միջոցով կը փորձէ իր ռազմավարական դիրքերը բարելաւել Կասպից ծովի աւազանին մէջ եւ Իրանի հիւսիսային հատուածին մէջ։ Թշնամական որոշ շրջանակներ նոյնիսկ բացայայտօրէն ակնարկած են Իրանի մէջ միջցեղային բախումներ հրահրելու հեռահար նպատակներուն մասին։ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած եւ պատերազմական յանցագոր-ծութիւններով ուղեկցուող յարձակումի ընթացքին ու ի հետեւանք անոր՝ ատրպէյճանաթրքական տանդեմը յաջողած է Հարաւային Կովկասը մտցնել աշխարհա¬քաղաքական սակարկութիւններու նոր հորձանուտի մէջ եւ էապես վտանգել տարածաշրջանային անվտանգութիւնը։ Ատրպէյճանաթրքական այս արկածախնդրութիւնը նախ եւ առաջ ուղղուած է տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն եւ աւանդաբար այս տարածաշրջանի մէջ քաղաքական ազդեցութիւն ունեցող պետութիւններուն դէմ։ Ըստ հաւաստի տարբեր հրապարակումներուն, Ատրպէյճանը կը շարունակէ Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ պահել «ծայրահեղ-իսլամիստ» վարձկաններ, ինչպէս եւ զինուորական կարելիութիւններ տրամադրել այլ ուժերու։ Տարածաշրջանային անվտանգութեան հերթական խաթարումը չի՛ կրնար վերաբերիլ միայն Հայաստանին։ Հետեւաբար, կ’ողջունենք տարածաշրջանային անօրինական եւ վտանգաւոր վերաձեւումները կանխելու Իրանի ղեկավարութեան ռազմաքաղաքական կամքը։ Հայաստանի ղեկավարումը տակաւին իրականացնող իշխանութեան խստօրէն կը զգուշացնենք՝ փորձ չընե՛լ երկիրը մատնելու հերթական բռնատիրութեան և փորձ չընե՛լ դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններ հաստատել «առեւտրի» տրամաբանութեամբ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արատաւորելու՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի նորագոյն փորձը վիրավորանք է ոչ միայն ՀՅԴ-ի հասցէին, որ միշտ գործել է հայ-իրանական յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ, այլ նաեւ Իրանին, որուն մէկ յօդուածին հիման վրայ դիրքորոշում ճշդելու վերագրում կատարուած է։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարողականութեամբ՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցով եւ միջազգային քաղաքական յարաբերութիւններու ուղիով կը շարունակէ աշխատանքներ տանիլ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ատրպէյճանաթրքական օրակարգի յանցագործ մտադրութիւններու իրականացումը կանխելու ուղղութեամբ»։

ՀՅԴ Բիւրօ

5 Հոկտեմբեր 2021