Ամերիկեան «Foreign Policy» ամսագիրին մէջ տեղ գտած վերլուծական յօդուածին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հիւանդ է եւ պիտի չկարենայ շարունակել երկիրը կառավարել:

«Նախքան 2023-ին Էրտողան իսկապէս կրնայ անզօր ըլլալ, սակայն իրավիճակը այնպէս չէ, ինչպէս կը մտածեն շատերը: Նշաններ կան, որ Էրտողան կարելի է հիւանդ ըլլալ այն  աստիճան, որ այլեւս չկարենայ թեկնածութիւն առաջադրել նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու համար», ըսած են յօդուածի հեղինակներ Սթիւըն Քուք եւ Էնրիքօ Մատէն:

Յօդուածի մէջ անոնք վերլուծած են վերջին ամիսներուն համացանցի վրայ հրապարակուած տեսանիւթերը, որոնց մէջ Էրտողան աստիճանները բարձրանալու ընթացքին դիմած է կնոջ օգնութեան, դժուարութեամբ քալած կամ խօսած է:

«Տեսնանիւթերը միասին քննելու ընթացքին Էրտողանի առողջական վիճակին հետ կապուած որոշ պարզ հարցեր առաջացած են», նշուած է յօդուածին մէջ: Բացի այդ կանխատեսումներ կատարուած են նաեւ «հետէրտողանական» Թուրքիոյ մասին:

«Ժողովրդահնարապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) անդամներ Սթանպուլի քաղաքապետ Էքրմ Իմամօղլուն, Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ, ինչպէս նաեւ «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշէներ դիտարկուած են որպէս Էրտողանի առաջնորդած «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) յաջորդ նախագահի թեկնածուի գլխաւոր մրցակիցներ: Իսկ որպէս ԱԶԿ-ի հաւանական թեկնածուներ` նշած են Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզութեան Կազմակերպութեան (MİT) ղեկավար Հաքան Ֆիտանի, ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի անունները: