«Ալիք».-Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտուլլահեան Իրանի պատկերասփիւռի Առաջին ալիքի «Առաջին Հայեացք» հաղորդման ընթացքին անդրադարձաւ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան` շեշտելով, որ Իրանի համար անընդունելի է տարածաշրջանի մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը:
Անդրադառնալով Իսրայէլին, ինչպէս նաեւ` ահաբեկչական խմբաւորումներու ներկայութեան Ատրպէյճանի մէջ, ԱԳ նախարարը ըսաւ. «Վերջին պատերազմի ընթացքին ահաբեկչական խմբաւորումները տեղափոխուեցան այս ճգնաժամային տարածաշրջան: Այս խմբաւորումները յարմար առիթի կը սպասեն՝ իրենց չար նպատակները իրականացնելու համար: Սիոնիստական վարչակարգը իր կարգին փորձեց առաւելագոյնս օգտագործել այս կարելիութիւնը եւ Իրանի սահմաններուն մօտենալու իր անյաջող փորձերով տեղակայուեցաւ Ատրպէյճանի որոշ շրջաններու մէջ»:
Հուսէյն Ամիր Ապտուլլահեան աւելցնելով ըսաւ, որ պաշտօնական Թեհրանը զգուշացուցած է Պաքուն, որ երբեք պիտի չհանդուրժէ Իսրայէլի ներկայութիւնն ու սադրիչ գործողութիւնները իր սահմաններուն:
Անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ սահմաններու փոփոխութեան ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական ապօրինի գործողութիւններուն, Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութէան ղեկավարը յստակօրէն դիտել տուաւ, որ նման փորձերը անընդունելի են Իրանի համար. «Մենք չափազանց զգայուն ենք տարածաշրջանի մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն նկատմամբ, եւ յստակօրէն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխանցած ենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ուշադիր կը հետեւի այդ տեղաշարժերուն, եւ տարածաշրջանի սահմաններուն փոփոխութիւնը մեզի համար անընդունելի է», ըսաւ ան: