«Էրմէնիհապեր».-Պաքուի մէջ փակած են իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այաթուլլահ Ալի Խամինէի ներկայացուցիչին գրասենեակը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ատրպէյճանի Ներքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարը:

Որպէս պաշտօնական հիմնաւորում` նշուած է պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով ի գործ դրուած սահմանափակումը: Միեւնոյն ատեն Իրան արգիլած է իր տարածքով դէպի Նախիջեւան թռիչքները:

Նշենք, որ ատրպէյճանաիրանական յարաբերութիւններու լարուածութիւնը տակաւին կը շարունակուի:  Աւելի ուշ, 30 Սեպտեմբերին, «Մեծ Արարում» կուսակցութեան նախագահ, Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆազիլ Մուսթաֆան խորհրդարանի նիստին ընթացքին  յայտարարած է Պաքուի մէջ «Իրանական Լրտեսական Ցանցի» գոյութեան մասին: Մուսթաֆայի տեղեկութիւններուն համաձայն, «5-րդ շարասիւնը քայքայիչ գործունէութիւն ծաւալած է մզկիթներուն եւ մետրեսեներուն մէջ»: Թեհրան իսկապէս հզօր յենակէտ ունի Ատրպէյճանի մէջ` ի դէմս իրանամէտ շիա իմամներուն:

Ուստի ան խորհրդարանին կոչ  ուղղած է երկրի օրէնսդրութեան մէջ կատարելու փոփոխութիւններ, որոնք արգիլած են նման կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը: