«Երկիր Մետիա».- 6 Հոկտեմբերին Վարանգաթաղի (Լուլասազ, Յակոբ Կամարի) բարձունքին զոհուեցաւ ՀՅԴ 2-րդ վաշտէն 22 եւ 1-ին վաշտէն 2 մարտիկ:

Դէպքէն ժամեր անց, նոյն վաշտի տղոց եւ բանակի 2 յատուկ ջոկատայիններու ջանքերով ազատագրուեցաւ Վարանգաթաղը: Սա Արցախի 2020-ի պատերազմին հայկական կողմի այն բացառիկ յաջողութիւններէն էր, երբ ոչ միայն ազատագրուեցաւ թշնամիին կողմէն գրաւուած տարածքը, այլ նաեւ պահուեցաւ` մինչեւ պատերազմի աւարտը:

Մէկ տարի առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը եւ Պռոշեանի կոմիտէն յայտնեցին ռազմավարական բարձունքի ազատագրման գործողութեան ընթացքին նահատակուածներուն անունները. «Կամաւորական շարժումի» վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեան, Դաշնակցութեան Կապանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Քրիստափոր Արթին, Դաշնակցութեան Պռոշեանի կոմիտէի անդամ, օփերային երգիչ Գէորգ Հաճեան, պռօշեանցիներ` դաւադիր գնդակով տարիներ առաջ սպանուած, հերոս ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի եղբօրոդին` Վիգէն Մուրատեան, ՀՅԴ Պռոշեանի կառոյցի անդամներ Երուանդ Թադէոսեան, Մանուկ Թորոսեան, Դանիէլ Թովմասեան եւ Կարէն Պատալեան: Նաեւ Երեւանէն կամաւոր մարտի դաշտ մեկնած Արկատի Միսկարեան:

Յաւերժ փառք տղոց:

ՀՅԴ «Կամաւորական Շարժում» ՀԿ-ի երկրորդ վաշտի Պռոշեանի դասակի կամաւորներուն եւ իրենց ընկերներուն նահատակութեան առաջին տարելիցին օրը` 6 Հոկտեմբերին ժամը 13:00-ին Պռոշեանի «Զօրաց Պանթէոն»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ նահատակ հերոսներուն: