Օրերս Նիկոլ Փաշինեան Լիթուիոյ հայ համայնքի խիստ փոքրաթիւ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը արատաւորելու եւ անուանարկելու փորձ  կատարած է:

Անոր թիրախին այս անգամ յայտնուած են ՀՅԴ Իրանի կառոյցները: Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Իրանի մէջ Դաշնակցութեան կառոյցները փորձած են երկրի իշխանութիւններուն մօտ բացասական պատկեր ձեւաւորել ՀՀ գործող իշխանութիւններուն նկատմամբ`  հարուածելով Հայաստանի անվտանգութեան շահերը եւ պետականութիւնը:

Այս առիթով հարկ կը համարենք նշել.

– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար հայոց պետականութիւնը եղած է, կայ եւ կը մնայ որպէս բացարձակ արժէք, որուն ամրապնդումը եւ անվտանգութեան ապահովումը  ուղորդուած է կուսակցութեան բոլոր կառոյցներու գործադրած ջանքերով:
– Այս պարագային, որոշակիօրէն անհրաժեշտ կը համարենք շեշտել, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, ՀՅԴ Իրանի կառոյցներու ողջ ջանքերը ուղղուած են  բացառապէս հայ-իրանական յարաբերութիւններու ամրապնդման, բարգաւաճման ու զարգացման:

Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը ընդհանրապէս, իսկ ՀՅԴ Իրանի կառոյցները` մասնաւորապէս, քաջ կը գիտակցին, թէ հայ-իրանական յարաբերութիւնները ինչպիսի՛ առանցքային ռազմավարական նշանակութիւն ունին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը ապահովելու, թուրք-ատրպէյճանական օրակարգի ծաւալապաշտական նկրտումները դիմակայելու եւ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ` ուժերու յարաբերակցութեան ու հաւասարակշռութեան ապահովման համար:

Յիշեցման կարգով պէտք է նշենք, որ ընդհակառակը, վերջին երեք տարիներու ընթացքին ՀՀ գործող իշխանութիւններուն վարած անորոշ եւ ձախող արտաքին քաղաքականութիւնը, տարբեր տրամաչափի եւ նշանակութեան ներկայացուցիչներու չմտածուած յայտարարութիւնները եւ, մասնաւորապէս, 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին Իրանի տարածաշրջանային գլխաւոր հակառակորդին` Իսրայէլի հետ, դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը կտրուկ բարձրացնելու չմտածուած փորձը միանշանակօրէն հարուածսծ են հայ-իրանական յարաբերութիւնները` հարցականի տակ դնելով այն`  որ ձեւաւորուած էր անցէալ 30 տարիներու ընթացքին:

Այնպէս, որ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ սեփական անյաջողութիւնները այլոց, այս պարագային` ՀՅԴ-ի վիզին փաթելը անյաջող եւ բարոյազուրկ փորձ է:

Կը հաւաստիացնենք, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս  այսօր Դաշնակցութեան Իրանի կառոյցներու ողջ ջանքերը ուղղուած պիտի ըլլան բացառապէս Հայոց պետականութեան ամրապնդման ու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շահերու ու անվտանգութեան ապահովման:

ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՀՅԴ Հարաւային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէ

Թեհրան-նոր Ջուղա
6 Հոկտեմբեր 2021