«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային Ժողովի մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ  ունեցած հարց ու պատասխանին, անդրադառնալով Իրանի ԱԳ նախարար Հոսսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի հետ ունեցած վերջին հանդիպումին յայտնած է, որ փաստած են տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մէջ, որ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ «Զանգեզուրի Միջանցք»ի նիւթը:

Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Իրանի ԱԳ նախարարին հետ գործընկերային, ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններ  ձեւաւորուած են` պաշտօնի նշանակման  առաջին օրէն սկսեալ:  Երկու երկիրներու ԱԳ նախարարները հանդիպումին քննարկած են  շարք մը երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

«Կ’ուզեմ նաեւ ըսել, որ այս այցելութիւնը ու մեր խօսակցութիւնը առնչուած է ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւններուն, այլեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն եւ շատ որոշակի բնոյթ ունեցող նիւթերու:  Ես կ’ողջունեմ եւ կրկին կ’ուզեմ ողջունել Իրանի դիրքորոշումը` մեր սահմաններուն անձեռնմխելիութեան համար, եւ ընդհանրապէս, այն բոլոր դրական ազդակները, որ կը ստանան այս ուղղութեամբ», ըսաւ ԱԳ նախարարը:

ԱԳ նախարարները խօսած են նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի մասին: «Այսինքն` ըստ էութեան այդ խօսակցութեան բացակայութեան մասին: Փաստած ենք, որ չկայ այդպիսի նիւթ եւ չի կրնար», ըսաւ ան:

Միրզոյեան ակնյայտօրէն համարեց, որ Իրանը լուրջ տարածաշրջանային, նաեւ համաշխարհային դերակատարութիւն ունի: