Փոր­ձենք հասկ­նալ, թէ իս­կա­պէս ի՞նչ կ’ըսէ Ար­մէն Գէ­որգ­եա­նը իր վեր­ջին գրառ­ման մէջ, զոր փո­խադ­րեր էի իմ էջին վրայ զայն ար­տագ­րե­լով Սիւ­զան Խար­տալ­եա­նի դի­մա­տետ­րա­յին էջէն։
Պր. Գէ­որգ­եան երեք կա­րե­ւոր նա­խա­պայ­ման­ներ կը մատ­նան­շէ մեր պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման գոր­ծը ճամ­բայ հա­նե­լու բարդ գոր­ծին հա­մար։ Ան չի խօ­սիր մեր առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն մա­սին, որոնց բա­նա­ձե­ւու­մը, ըստ իս՝ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի իս­կա­կան մար­տահ­րա­ւէ­րը կը ներ­կա­յաց­նէ։ Մենք ի վեր­ջոյ պի­տի որո­շենք, թէ ի՞նչ բա­նի պի­տի ձգ­տի այ­սօր­ուան եւ վաղ­ուան հա­ւա­քա­կան հա­յը եւ ի՞նչ բա­նի կամ բա­նե­րու վրայ պի­տի ընէ սուղ մի­ջոց­նե­րէ գո­յա­ցող իր ազ­գա­յին ներդ­րու­մը։ Այս մէ­կը մտա­ծու­մի մէկ այլ տա­րածք է, որ­մէ ներս մենք ստիպ­ուած ենք շու­տով եւ իմաս­տու­թեամբ խի­զա­խել։
Բայց մենք վե­րա­դառ­նանք Պր. Գէ­որգ­եա­նի նա­խա­պայ­ման­նե­րուն եւ որո­շենք, թէ ի՞նչ բո­վան­դա­կու­թիւն անհ­րա­ժեշտ է տալ անոնց, որ­պէս­զի գոր­ծը հա­րա­զա­տօ­րէն ցո­լաց­նէ միտ­քը։ Որ­պէս­զի գոր­ծը ոչ միայն ցո­լաց­նէ միտ­քը, այլ զայն գե­րա­զան­ցէ։
Առա­ջին՝ «յաղ­թա­հա­րել պարտ­ուա­ծի հո­գե­բա­նու­թիւնը»։ Առա­ջին հեր­թին, մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր է, որ այս մէ­կը չըլ­լայ միայն լո­զունգ, այլ վե­րած­ուի բազ­մա­մա­կար­դակ ծրա­գի­րի, որ լու­ծում­ներ կը բե­րէ մեր երկ­րի հրա­տապ հար­ցե­րուն։ Բայց ամէ­նէն կա­րե­ւո­րը այն է, որ պար­տու­թեան հո­գե­բա­նու­թիւնը յաղ­թա­հար­ուի ի նպաստ մե­զի…Ի նպաստ հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կա­ռուց­ման դժ­ուա­րին առա­ջադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Քա­նի որ դեռ գո­յու­թիւն ու­նի հա­կա­ռակ եզ­րը։ Այ­սինքն՝ պար­տու­թեան հո­գե­բա­նու­թիւնը կր­նայ «յաղ­թա­հար­ուիլ» ի նպաստ թշ­նամիի տես­լա­կա­նին… Հա­յաս­տա­նի պա­տանդ­ման գո­յա­վի­ճա­կը բա­զում թու­նա­ւոր խայ­ծե­րով եւ խա­բէ­ու­թիւն­նե­րով ըն­դու­նե­լի դարձ­նե­լով ժո­ղո­վուր­դին։ Զայն զար­դա­րե­լով փա­շին­եա­նա­կան ամ­բո­խա­հաճ տա­րազ­նե­րով։ Պարզ խօս­քով, պարտ­ուա­ծի հո­գե­բա­նու­թիւնը «քնաց­նե­լով» փա­շին­եա­նա­կան թաւշ­եայ «յե­ղա­փո­խու­թեան» յայտ­նի թմ­րա­նիւ­թե­րով։ Պէտք է ընտ­րել պարտ­ուա­ծի հո­գե­բա­նու­թիւնը յաղ­թա­հա­րե­լու դժ­ուա­րին, ար­մա­տա­կան, խոր­քա­յին ճա­նա­պար­հը։
Երկ­րորդ՝ «պատ­րաստ ըլլալ վե­րա­նա­յե­լու ներ­քին օրա­կար­գը»։ Ցարդ այս մա­սին խօ­սած է միայն Դաշ­նակ­ցու­թիւնը զայն վե­րա­ծե­լով քա­ղա­քա­կան պլատ­ֆոր­մի (հարթակ)։ Յա­ռա­ջա­բան­նե­րը զեղ­ջե­լով ըսեմ, որ այս մէ­կը էա­պէս կը նշա­նա­կէ կազ­մա­քան­դել երկ­րի մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը եւ զայն պար­տադ­րա­բար բե­րել մր­ցակ­ցա­յին դաշ­տէն ներս։ Հաս­տա­տել ազ­գա­յին եկա­մու­տի վե­րա­բաշխ­ման ար­մա­տա­կա­նօ­րէն ար­դար մէկ գոր­ծըն­թաց հնա­րա­ւոր դարձ­նե­լով վե­րա­ներդ­րու­մա­յին առողջ նոր­մեր, որոնք շա­րու­նակ կը ս­տեղ­ծեն որա­կա­ւոր նոր աշ­խա­տա­տե­ղեր մեր նո­րա­նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ Որ­մէ ինք­նա­բե­րա­բար կը բխի մեր երկ­րի ժո­ղովր­դագ­րա­կան աճը վե­րա­կանգ­նե­լու անհ­րա­ժեշտ իրա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան մի­ջա­վայ­րը։ (ՀՀ տն­տե­սու­թեան վե­րաձեւաւոր­ման հար­ցին մա­սին, օրին, ես պատ­րաս­տած եմ հա­յե­ցա­կար­գա­յին մէկ նա­խա­գիծ մեր ներ­քին քն­նար­կում­նե­րուն հա­մար։) Առա­ւե՛լ՝ արդ­ի­ա­կա­նաց­նել եւ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­նել գիւղ-ոլոր­տը։ (Այս մա­սին եւս՝ տե՛ս իմ յօդ­ուա­ծը Փա­շին­եա­նի առա­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան սկզբ­նա­կան օրե­րուն գր­ուած։) Մտ­նել նոր, երի­տա­սարդ, մտա­տար (mind-based) ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ճիւ­ղե­րէն ներս։ Լայ­նօ­րէն ըն­դար­ձա­կել հա­մաշ­խար­հա­յին տն­տե­սութ­եան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մեր շր­ջա­նա­կը։ Ստեղ­ծել «հայ­կա­կան ժո­ղո­վա­սե­ղան»ը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ Հա­յաս­տա­նը վե­րա­ծե­լով ցան­ցա­յին շփում­նե­րու կեդ­րո­նի, եւ շատ ու­րիշ բա­ներ, բայց մա­նա­ւանդ ընել այն­պէս, որ ազ­գա­յին եկա­մու­տը ան­խա­փան հաս­նի ժո­ղո­վուր­դին եւ վե­րած­ուի ազ­գա­յին ար­ժե­հա­մա­կար­գի եւ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի։
Եր­րորդ՝ «ու­ժե­ղաց­նել հայ­կա­կան աշ­խար­հի գոր­ծօ­նը»։ Այս մէ­կը կ’են­թադ­րէ Հայ­րե­նիք-Սփիւռք կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան, մշ­տա­կան, խոր­քա­յին եւ հա­մա­կար­գա­յին հա­մար­կում՝ իր բազ­մա­շերտ կի­րար­կում­նե­րով։ Կ’ԵՆ­ԹԱԴ­ՐԷ ՍՏԵՂ­ԾԵԼ ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԽՈՐ­ՔԱ­ՅԻՆ ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆԸ։ Ասոր պատ­մա­կան նա­խըն­թա­ցը 1921-ին գու­մար­ուած 12-րդ հա­մահ­ր­է­ա­կան հա­մա­ժո­ղովն է Ցիւ­րի­խի մէջ։ Այս մա­սին լայ­նօ­րէն կը խօ­սի Ռու­բէ­նը իր յօդ­ուած­նե­րուն մէջ, որոնց մէկ մա­սը ամ­փոփ­ուած է իր յու­շե­րու հա­տո­րա­շար­քի 8-րդ հա­տո­րին մէջ։ Պարզ խօս­քով, այս վար­դա­պե­տութ­եան (doctrine) չա­փո­րո­շիչ­նե­րով, Սփիւռ­քը կը վե­րաձեւաւոր­ուի որ­պէս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծօն ըն­դար­ձա­կե­լով եւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի լի­նե­լիութ­եան հրա­մա­յա­կա­նը։ Ար­մէ­նի գոր­ծա­ծած «գրա­գէտ» բա­ռը պա­տա­հա­կան չէ։ Ան ըսել կ’ու­զէ, որ այս նոր մտա­տե­սի­լը կը պա­հան­ջէ հայ­կա­կան նոր «քա­ղա­քակր­թու­թիւն»։ Այ­սինքն մենք (Հայ­րե­նիք եւ Սփիւռք) ազ­գո­վին վե­րակրթ­ուե­լու կա­րի­քը պի­տի ու­նե­նանք այս նոր իրա­կա­նու­թիւնը իր էու­թեամբ ըն­կա­լել կա­րե­նա­լու եւ գոր­ծի վե­րա­ծե­լու հա­մար։
Հիմ­նա­կան պատ­գա՛մը այս բո­լո­րին։ Իմ կար­ծի­քով, «շան գլուխ»ը թաղ­ուած է Ար­մէն Գէ­որգ­եա­նի վեր­ջին կէ­տին մէջ։
ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԸ- ԻՐ ՆԵՐ­ԿԱՅ «ՏԱ­ՐԱԾ­ՔԱ­ՅԻՆ ԱՄ­ԲՈՂ­ՋԱ­ԿԱ­ՆՈՒԹ­ԵԱՄԲ»- ՍՏԵՂԾ­ՈՒԱԾ Է ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ԿԱՐ­ԳԻ ՈՒ­ԺԵ­ՐՈՒՆ ԿՈՂ­ՄԷ ԱՆՈՆՑ ՄԵ­ԾԱ­ՊԵ­ՏԱ­ԿԱՆ ՍԱ­ԿԱՐ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԾԱ­ՌԱ­ՅԵ­ԼՈՒ ՀԱ­ՄԱՐ։ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԻՍ ԱՆ ՄԵՐ ՍԵ­ՓԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՉԷ։ ԱՆ «ՓՈԽ ՏՐ­ՈՒԱԾ» Է ՄԵ­ԶԻ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԱ­ՒՈ­ՐԱ­ՊԷՍ ԶԱՅՆ «ՍԻ­ՐԵ­ԼՈՒ» ԿԱՄ ԶԱՅՆ «ՇԱ­ՀԱ­ԳՈՐ­ԾԵ­ԼՈՒ» ՆՊԱ­ՏԱ­ԿԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ ՆԱ­ՅԱԾ, ԹԷ Ո՞Ր ԴԱ­ՍԱ­ԿԱՐ­ԳԻՆ ԿԸ ՊԱՏ­ԿԱ­ՆԻՆՔ…ՀԵ­ՏԵ­ՒԱ­ԲԱՐ ԱՆՈՐ ԼԻ­ՆԵ­ԼԻՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՈՐ­ՊԷՍ ԱՆ­ԿԱԽ ՊԵ­ՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԻՇՏ ԽՆԴ­ՐԱ­ՅԱ­ՐՈՅՑ ՊԻ­ՏԻ ՄՆԱՅ։ ԱՅ­ՍՕՐ ՎԵՐ­ՋԱ­ՊԷՍ ՊԻ­ՏԻ  ԱՆԴ­ՐԱ­ԴԱՌ­ՆԱՆՔ, ՈՐ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻ­ՏԻ ԱՊԱ­ՀՈ­ՎԵՆՔ ԱՆՈՐ ՀԵ­ՌԱ­ՀԱՍ ԼԻ­ՆԵ­ԼԻՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ։ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻ­ՏԻ ՓՈ­ԽԵՆՔ ՊԱ­ՏԱՆ­ԴԻ ԱՅՍ ԳՈ­ՅԱ­ՎԻ­ՃԱ­ԿԸ, ԻՆՉ­ՊԷՍ ՓՈ­ԽԵ­ՑԻՆՔ 1918-Ի ՄԱ­ՅԻ­ՍԻՆ ՍԱՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՊԱ­ՏԻ, ԲԱՇ ԱՊԱ­ՐԱ­ՆԻ եւ ՂԱ­ՐԱ­ՔԻ­ԼԻ­ՍԱ­ՅԻ ՃԱ­ԿԱՏ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՎՐԱՅ։ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻ­ՏԻ «ԸՆ­ԴԱՐ­ՁԱ­ԿԵՆՔ» ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՍԱՀ­ՄԱՆ­ՆԵ­ՐԸ ՆՈՐ ԻՄԱ­ՑՈՒԹ­ԵԱՄԲ։ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻ­ՏԻ ԸՍԵՆՔ՝ «ԵԹԷ ՄԵՐ ԱՌ­ՋԵՒ ԳՏ­ՆՈՒՈՂ ՄԱՐ­ՏԱՀ­ՐԱ­ՒԷ­ՐԸ ԿԱՅ­ՍԵ­ՐԱ­ԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՈՒ­ՆԻ, ՄԵՐ ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱ­ՆԸ ԱՅԴ ՄԱՐ­ՏԱՀ­ՐԱ­ՒԷ­ՐԻՆ ՊԻ­ՏԻ ԸԼ­ԼԱՅ ՆՈՅՆ­ՔԱՆ ԿԱՅ­ՍԵ­ՐԱ­ԿԱՆ։ ՊԱՐԶ ԽՕՍ­ՔՈՎ, ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱ­ՄԱՐ­ԿՈՒ­ՄԻ (ԻՆ­ՏԵԳ­ՐԱՑ­ԻԱ, INTEGRATION) ՄՏԱ­ՏԵ­ՍԻ­ԼԸ ՊԻ­ՏԻ ԸԼ­ԼԱՅ ԿԱ­ՌՈՒ­ՑԵԼ ՀԱ­ԿԱ­ԿԱՅ­ՍԵ­ՐԱ­ԿԱՆ ԿԱՅՍ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԸ»։ ԱՅ­ՍԻՆՔՆ ՄԵՐ ՀԱ­ՄԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ՅԻ՛Ն ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ ԱՆ­ՍԱՀ­ՄԱ­ՆԵ­ԼԻ (ԱՒԵ­ԼԻ ՃԻՇՏ ՝ Ի ՆՈ­ՐՈՅ ՍԱՀ­ՄԱՆ­ՈՒԱԾ) ԿԱՅՍ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՈՐ­ՊԷՍ ՀԱՅ ԱՆ­ԿԱԽ ՊԵ­ՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԼԻ­ՆԵ­ԼԻՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՆ­ՊԱՐ­ՏԵ­ԼԻ ՀԱ­ՄԱ­ԿԱՐԳ։ ԲԱՅՑ ԱՅՍ ՄԷ­ԿԸ ԵՒՍ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼ­ԼԱՅ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱ­ՆՕ­ՐԷՆ ԱՆԳ­ՐԱ­ԳԷՏ ՄԱՐ­ԴՈՑ ԼԵ­ԶՈՒ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԵՂ­ՅԵ­ՂՈՒՈՂ ԼՈ­ԶՈՒՆԳ։ ԱՆ ՊԷՏՔ Է ԸԼ­ԼԱՅ ԾՐԱ­ԳԻՐ, ՀԱ­ՒԱՏՔ, ՆՈՒԻ­ՐՈՒՄ, ՀԵ­ՏԵ­ՒՈ­ՂԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ, ԳՈՐԾ ԵՒ ԻՐԱ­ԳՈՐ­ԾՈՒՄ։ Այս­տեղ կանգ կ’առ­նեմ առայժմ։
Կարօ Արմէնեան