«Երկիր».-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուն Ուքրանիոյ Լուովի համալսարանին մէջ ելոյթ ունենալու ատեն յայտարարած է, թէ ինչ պէտք է ընեն Ատրպէյճանն ու Հայաստանը գործակցութիւն հաստատելու համար: «Անոր կարելի է հասնիլ նորարարական մտածողութեան եւ գործնական դիւանագիտութեան միջոցով», ըսած է ան, ապա աւելցուցած է. «ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք Սեւծովեան տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան ստեղծումը նորարարական գաղափար էր: Ռուսիան, Ուքրանիան, Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Յունաստանը եւ Թուրքիան, որոնք ունին տարբեր հարցեր, կրնան միաւորուել նորարարական մտածողութեան եւ գործնական դիւանագիտութեան օգնութեամբ` հակազդեցիկ դիւանագիտութեան փոխարէն»: Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավարը խօսած է նաեւ եռակողմ եւ քառակողմ տարածաշրջանային գործակցութեան առաւելութիւններուն մասին: