Ամրան վերջին օրերուն, երբ առաւօտեան խոնաւութիւնը մեզ գրկելով կը թարմացնէ մեր էութիւնը, երբ ցօղերը կաթիլ-կաթիլ կը սկսին ծորալ բնութեան գիրկը, այն ժամանակ պէ՛տք է իմանանք, որ խաղողի բերքը հասած կ’ըլլայ գերագոյն հասունութեան, առատ հիւթով եւ պարարտ քաղցրութեամբ. պէ՛տք է իմանաք, որ հասած կ’ըլլայ «Մասարա»ի պահը:
«Խաղողը ճառթենք, կարմիր շիրան չըռչըռա-չըռչըռա
Լցնենք կարասն, էփի, թափի վըռվըռա-վըռվըռա…»։
Այսպէս խանդավառ երգեցողութեամբ հին օրերէն ի վեր գիւղերուն մէջ, եւ մինչեւ օրս Քեսապի մէջ, ընտանիքներ միասնաբար կը հաւաքուին եւ քանի մը օրուան տեւողութեան երգով, պարով ու մանաւանդ երկար աշխատանքով կը պատրաստեն ամբողջ ձմրան համար խաղողի ռուպը:
«Քաղենք խաղողը, լցնենք կողովը, ճութ-ճութ
Քաշենք սեւը, փռենք արեւը, շուտ-շուտ
Քաղենք քիշմիշին, տանք մեր անուշին
Քաղենք Սաթենին, տանք Սաթենիկին»:
Ճոխ երգերով բոլորը միասնաբար կը սկսին քաղել քաղցրահամ խաղողներու ողկոյզները:
Երեկոյեան զովութեան, հաւաքուած բերքը կը լեցուի լայն եւ խորունկ կարասներու մէջ երիտասարդները կը սկսին ոտքերով ճզմել, ապա հիւթը կը հաւաքուի ու անմիջապէս անոր կ’աւելցուի «սպիտակ հողը», որ «Հաւուրա» կը կոչուի: Անոր պարտականութիւնն է հիւթը թթուելէ պաշտպանել եւ զտել բոլոր տեսակի մանրափոշիներէ ու հողամաղերէ:
Զուլալ հեղուկը կը տեղադրուի պղինձէ կաթսաներու մէջ ու կը սկսի եփիլ հանդարտ կրակի վրայ: Ամբողջ գիշերը տղաքը հերթապահութեամբ կը հսկեն կրակը ու կը հետեւին եռացող հեղուկին, որ քիչ-քիչ պնդանալով պիտի դառնայ ոսկեգոյն: Կրակին շուրջ կը ստեղծուի ընկերային մթնոլորտ ու մարդիկ բարձր տրամադրութեամբ կ’երգեն ազգային ու հայրենասիրական երգեր:
Վերջապէս կը հասնի սպասուած այն պահը, երբ տակաւին մութ կարմիր ռուպ չդարձած հեղուկէն մաս մը ուրիշ ամանի մէջ փոխադրելով կը յառաջանայ փրփուրը եւ բոլորը կը համտեսեն այդ փրփուրէն դափնիի տերեւները դգալաձեւ ծալելով ու հրճուած այդ քաղցրահամ ռուպէն կ’երգեն…
«Խմենք հայրենիք, կենացդ երգով
Լինես երջանիկ, քաջ լինես միշտ հոգով
Լարի թըմբլը լալա-հահահա»:
Անի Մինասեան