Ռուսիոյ նախագահ Վ. Փութինի եւ իր գործընկեր Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը եզրափակուեցաւ դիւանագիտական այնպիսի հաճոյախօսութիւններով, որոնք կը յիշեցնէին կողմերուն նախքան հանդիպումը կատարած յայտարարութիւնները։ Հանդիպումը տեւեց երկու ժամ քառասունհինգ վայրկեան, որուն ընթացքին կողմերը թարգմանիչներու օգնութեամբ խորհրդակցեցան առկախ մնացած շարք մը հարցերու շուրջ, սակայն, ըստ երեւոյթի, առանց լուծումներու յանգելու։
Նախքան ժողովին աւարտը մամլոյ ասուլիսի չգոյութեան մասին յայտարարութիւնը կը վկայէր, թէ նախապատրաստող յանձնախումբերը չէին յաջողած ստեղծել միացեալ ենթահող մը, որպէսզի երկու ղեկավարները գէթ կարելիութիւն ունենային տեսախցիկներու դիմաց ձեռնուելու, որոշ յայտարարութիւններ կատարելու կամ հարցումներու պատասխանելու։ Միւս կողմէ, ժողովի աւարտին միացեալ յայտարարութեան մը բացակայութիւնը կը հաստատէր, որ նախագահները համաձայնութեան յստակ եզրեր չէին յաջողած գտնել։
ՀԱԼԷՊ-ԼԱԹԱՔԻԱ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Երկու նախագահները, հակառակ իրենց յաճախակի հանդիպելու նախկին սովորութեան, շուրջ մէկուկէս տարի վերջ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէին։ Այս իսկ պատճառով շատ մը թուրքեր կ’ակնկալէին, որ ժողովը ըլլար արդիւնաւէտ։ Հանդիպման ժամկէտը նկատի ունենալով կարելի է եզրակացնել, որ Էրտողանի Սոչի մեկնիլը, յատկապէս Նիւ Եորքի մէջ ԱՄՆ-ի նախագահին հետ հանդիպման առիթի չարժանանալէն, ինչպէս նաեւ Փութինի նախագահ Ասատի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարելէ ետք, թէ Սուրիայէն բոլոր օտար ուժերը պարտաւոր են դուրս ելլել, այնպէս ինչպէս յայտարարած էր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախքան Էրտողանի Սոչի հասնիլը, մտածել կու տայ, թէ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահը ընդհանուր առմամբ նոյն պահանջը ներկայացուցած է իր թուրք գործընկերոջ։
Թէեւ թրքական իշխանամէտ աղբիւրներ «Միտլ Իսթ Էյ» կայքին յայտնեցին, թէ «երկու ղեկավարները համաձայնեցան պահպանել Իտլիպի ներկայ իրավիճակը, այդուհանդերձ ռուսական օդուժին Իտլիպի ծայրայեղական խմբաւորումներուն ինչպէս նաեւ Հալէպի հիւսիսը գտնուող թրքամէտ սուրիացի զինեալ խմբաւորումներուն հրթիռակոծելը կը խօսին Իտլիպի թղթածրարին փոփոխութեան մասին, հիմնուելով Սոչիի առաջին համաձայնութեան (Մարտ 2020) յօդուածներուն վրայ։ Ուստի կը նախատեսուի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին վերաբանալ M4 Հալէպ-Լաթաքիա ճամբան, որուն համար անհրաժեշտ է զինեալները հեռացնել յիշեալ ճամբու կողմերէն դէպի հիւսիս, այս ճամբուն տարածքին ապահով գօտիի հաստատման հեռանկարով։
Իրականութեան մէջ Իտլիպի հարցը Մոսկուան եւ Անգարան հետաքրքրող ամէնէն բարդ բանակցային թղթածրարն է, որովհետեւ մէկ կողմէն կախեալ է Թուրքիոյ ներքին քաղաքական հաշիւներէն, միւս կողմէ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութենէն, միեւնոյն ժամանակ արեւմուտքի եւ ԱՄՆ-ի հետ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութենէն։
Փաստօրէն Իտլիպի ներկայ վիճակը պատրուակ մըն է Թուրքիոյ համար՝ իր վերահսկողութեան տակ պահելու Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի Ազէզէն Ռաս Ուլ Այն երկարող տարածքը եւ գործուն ազդեցութիւն պահելու սուրիական տագնապի թղթածրարին վրայ։
Թուրք լրագրող Ֆեհիմ Թաշթեքին «Կազեթէ Տովար» կայքին մէջ լոյս ընծայած իր յօդուածին մէջ դիտել կու տայ, որ նախագահ Էրտողան Սոչիի մէջ կը շեշտէ, որ «Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումը երաշխաւորուած է Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութեամբ», մինչդեռ ան Մարտ ամսուն Պլումպըրկի մէջ ճիշդ հակառակը կը պնդէր, երբ կ’ըսէր, թէ «Հարկ է, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտըն յարգէ խոստումները եւ գործակցի Թուրքիոյ հետ՝ վերջ տալու Սուրիոյ մէջ մարդկային ողբերգութեան եւ ժողովրդավարութիւնը կեանքի կոչելու»։ Այսպիսով Թուրքիոյ նախագահը կոչ կ’ուղղէր ԱՄՆ-ին եւ արեւմուտքին զօրակցելու Թուրքիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ դիւանագիտական բոլոր միջոցներով՝ Սուրիոյ տագնապին վերջնական լուծում մը տալու եւ Թուրքիոյ ներկայութեամբ Իտլիպի մէջ ընդդիմութեան վերջին ապաստանը պահելու համար։
Այս կացութեան մէջ Մոսկուա կը հետեւի թրքական այն մարտավարութեան, որ կը միտի օգտագործել երկու գերտէրութիւններու հակադրութիւնները՝փորձելով դրական դաշնակիցի յարաբերութիւններ պահել երկու կողմերուն հետ։ Եւ հակառակ Ռուսիոյ հակադիր, երբեմն նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ բախումի հասնող հակասական կեցուածքներուն, Մոսկուան այս հարցին հետ կը վարուի բացարձակ իրապաշտութեամբ, Թուրքիոյ եւ Պրուքսէլի յարաբերութիւններուն միջեւ սեպ մ’իսկ խրելը յաղթանակ համարելով ռուսական դիւանագիտութեան համար։
ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՀԱՐՑԸ
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԹՈՂՈՒՑ
ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՎՐԱՅ
Թուրք նախկին դիւանագէտ, գրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Այտն Սեզէր «Al-Nahar Al-Arabi»ին մէջ հանդէս գալով գրած է, որ «2,45 ժամ տեւողութեամբ հանդիպումը, համեմատաբար կարճ է ընդհանուր հարցերու մասին մանրամասն խորհրդակցութիւններ կատարելու համար: Ան բացառած է երկու կողմերուն կարեւոր հարցերու շուրջ մանրամասն քննարկումներ կատարած ըլլալը։
Արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններու եւ Ռուսիոյ հարցերու մասնագէտ Սեզէրի համաձայն, «Փութին կտրականապէս մերժեց (Էրտողանի հետ հանդիպման) թուրք-ուքրանական յարաբերութիւններու մերձեցումը Ռուսիոյ հաշուոյն, մասնաւորապէս «զէնքի եւ ռազմական արդիւնաբերութեան» մատակարարումներու գծով», աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տիմիթրի Փեսքով հանդիպման նախօրէին հետաքրքրական յայտարարութիւն մը ըրաւ, ինչ որ ազդանշան էր Էրտողանին համար:
Ի դէպ, Փեսքով Սոչիի հանդիպումէն առաջ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով ըսած էր, որ թուրք-ուքրանական գործակցութիւնը սարքերու գծով մտահոգած է նախագահ Փութինը, որովհետեւ Ուքրանիոյ մէջ ներքին հարցեր գոյութիւն ունին, իսկ Թուրքիոյ զինուորական սարքերու մատակարարումին պարագային Ուքրանիան կրնայ այդ սարքերը քաղաքացիներուն դէմ օգտագործել։
Ըստ երեւոյթի, նախագահ Փութին էրտողանին հասկցուցած է, թէ նախքան այլ հարցեր քննարկելը հարկ է ձեռք քաշել Ուքրանիոյ թղթածրարէն։
Անդրադառնալով Խրիմի հարցին, Փեսքով շեշտած է, որ այս թղթածրարը քննարկման օրակարգի վրայ չէ, որովհետեւ Թուրքիոյ հետ այս հարցով խօսելու ոչ մէկ նիւթ գոյութիւն ունի։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ԿԱԶԸ
ԻՏԼԻՊԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Թուրքիան մեծապէս կախեալ է ռուսական կազէն։ Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Անգարայի բնական կազի կարիքը անցեալ տարի կը հասնէր 33 միլիար մեթր խորանարդի, որուն 16 միլիառը արտածած էր Ռուսիայէն, իսկ 17 միլիարը՝ Ատրպէյճանէն եւ Իրանէն։ Մինչ այդ յառաջիկայ տարուան համաձայնագրերը վերջին երկու երկիրներուն հետ արդէն իսկ վերաստորագրուած են, իսկ Ռուսիոյ հետ օրերս պիտի ստորագրուին։ Միւս կողմէ կազի թրքական պահանջը այս տարի աճ արձանագրած է՝ հասնելով 58-60 միլիառ մեթր խորանարդի։
Իր կարգին, ռուսական ԿԱԶ- ՓՐՈՄ-ը, միջազգային շուկայի մէջ կազի բարձրացող գինը եւ եւրոպական աճող պահանջը նկատի ունենալով, կը միտի ոչ թէ երկարաժամկէտ, այլ՝ կարճաժամկէտ համաձայնագիր ստորագրել թրքական կողմին հետ։
Այս իսկ պատճառով Էրտողան կը թակէ Ռուսիոյ դռները եւ նախագահ Փութինի միջամտութիւնը կը խնդրէ՝ ապահովելու իր երկրի կազի պահանջը նպատակայարմար գինով, որպէսզի գինի բարձրացում եւ ժողովրդային ցասում տեղի չունենայ եւ ժողովուրդին մօտ իր նախագահական դիմագիծն ու ներքին քաղաքականութեան վստահելիութիւնը չխախտին։
Սեզէր կ’աւելցնէր, որ Սոչիի հանդիպումը կարեւոր էր ոչ թէ միայն երկու երկիրներուն համար, այլեւ տարածաշրջանին համար, որովհետեւ Սուրիոյ, Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ, Խրիմի, Իտլիպի եւ այլ տագնապները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենային աս հանդիպումին վրայ, սակայն ըստ երեւոյթի երկու երկիրներն ալ հակում ունին գերադասելու նախ իրենց շահերու ապահովումը եւ յետաձգելու այլ հարցեր։
Թուրքիան կազի ապահովման համար մեծապէս կախեալ է Ռուսիայէն, ուստի նախագահ Էրտողան առիթ չունի զայրանալու ռուսական օդուժին Լիպիոյ կամ Ատրպէյճանի մէջ օգտագործուող թրքական ազգային բանակի միաւորները հարուածելուն պարագային, կամ Մոսկուայի կողմէ Թուրքիայէն ներմուծուած բանջարեղէնի ու պտուղի քանակներու մէկէ աւելի անգամներ վերադարձուելուն, թրքական ապրանքներու արտածման դէմ խոչընդոտներ յառաջացուելուն պարագաներուն։
Ուստի Էրտողան իր ակնկալած յաղթանակներով դուրս չեկաւ այս ժողովէն, որպէսզի կարենար քաղաքական իր ներքին դիրքը ամրացնել եւ կրկին յայտարարել, որ Թուրքիան նախանձելի յաղթանակներ կ’արձանագրէ։
Թուրքիոյ այս տարուան ձմեռը այնքան ալ հեզասահ ընթանալու նախանշաններ ցոյց չի տար։ Այդուամենայնիւ, Սոչիի հանդիպումին արդիւնքները յառաջիկայ շաբաթներուն աւելի յստակ կրնան դառնալ։
Սարգիս Գասարճեան
՛՛Ալ Նահար՛՛
Արաբերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Չիլ Աբօշեան- Պօղիկեան