Կա­պա­նի հա­մայն­քա­պե­տը (նա­եւ ընդ­դի­մա­դիր աղ­բիւր­ներ եւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ) կը հաս­տա­տեն, որ Կա­պա­նի մօ­տա­կայ Փե­լա սար բար­ձուն­քը Հոկ­տեմ­բե­րի կի­սուն յանձն­ուած է ազեր­ի­ա­կան ու­ժե­րուն, որոնք ան­մի­ջա­պէս ամ­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տած են հոն, փա­կած` շր­ջա­նի հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու ճամ­բա­նե­րը, նոր վտանգ ստեղ­ծած` Կա­պա­նի շր­ջա­կայ հայ­կա­կան գօ­տիին, մաս­նա­ւո­րա­բար Ագա­րակ գիւ­ղին: (Բար­ձուն­քը հա­ւա­նա­բար թր­քե­րէն անուն ու­նի, Էյ­վազլիի եւ այ­լոց նման, այ­սինքն`…Պե­լա՞ սար է, պարզ խօս­քով` փոր­ձանք շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րուն):
Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւնը կ’ըսէ, որ սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ փո­փո­խու­թիւն տե­ղի չէ ու­նե­ցած, այ­սինքն, կա­պան­ցի­նե­րուն եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն աչ­քե­րով տեսն­ուա­ծը սուտ է:
Որո՞ւն հա­ւա­տանք:
Եր­կու­քի՛ն ալ…
Բայց չէ՞ որ եր­կու­քը զի­րար կը հա­կա­սեն…
Իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն դա­տո­ղութ­եամբ, հո­ղի կո­րուստ կամ սահ­մա­նի փո­փո­խու­թիւն չկայ, որով­հե­տեւ ամիս­ներ առաջ, մի՛շտ բա­նա­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, եւ հիմն­ուե­լով ազե­րի­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծած «Ճի. Փի. Էս.»նե­րուն վրայ, ըն­դու­նած են թէ Հա­յաս­տա­նէն բա­ւա­կա­նա­չափ տա­րածք­ներ եր­բեք Հա­յաս­տա­նի մաս չեն կազ­մած, այլ` Ատր­պէյ­ճա­նին Մի՛ մոռ­նաք, որ Գո­րիս-Կա­պան ճամ­բուն կա­րե­ւոր մէկ մասն ալ, վար­չա­պե­տին, ապա­հո­վու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ «պայ­մա­նագր­եալ» երես­փո­խան­նե­րու խոս­տո­վա­նու­թեամբ, Սեւ լի­ճի եւ սահ­մա­նա­յին այլ տա­րածք­նե­րու, սահ­մա­նա­մերձ «կղզ­եակ­նե­րու» պէս, ատր­պէյ­ճա­նա­կան հող եղած են եւ պէտք է Ատր­պէյ­ճա­նին յանձ­նել: (Խա­ղա­ղու­թեան դա­րաշր­ջա­նը պի­տի բա­նանք` «նոր պատ­մու­թիւն» եւ «նոր աշ­խար­հագ­րու­թիւն» կեր­տե­լով, մի՛շտ հա­ճո­յաց­նե­լով… թուրքն ու ազե­րին): Նոյն չնաշ­խար­հիկ «գիւ­տը» չգոր­ծած­ուե­ցա՞ւ` Ար­ցա­խի մէջ մեր պա­հած լայ­նա­տա­րած դիր­քեր ու ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րու­թեամբ գօ­տի­ներ ազե­րի­նե­րուն յանձ­նե­լու հա­մար, մինչ­դեռ անոնց մա­սին որե­ւէ նշում չկար նոյն­ինքն 9 Նո­յեմ­բե­րի աղէ­տա­բեր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:
Եթէ այս է «տրա­մա­բա­նու­թիւնը»` ալ ին­չո՞ւ հա­մար պէտք է բա­նակ­ցիլ սահ­մա­նա­զատ­ման եւ սահ­մա­նագ­ծու­մի հար­ցե­րուն շուրջ:
Քիչ մը զբա­ղում, քիչ մը իրա­կան հար­ցե­րէ ու­շադ­րու­թեանց շե­ղում, շատ մըն ալ… նոր եւ առանց ճա­կա­տու­մի պար­տու­թիւն­նե­րու, նա­հանջ­նե­րու հո­ղի պատ­րաս­տու­թիւն: Չէ՞ք տես­ներ. ար­դէն չի խօս­ուիր Ար­ցա­խէն բռ­նագ­րաւ­ուած հո­ղե­րու վե­րա­դար­ձին, ինք­նո­րոշ­ման եւ լի­ար­ժէք ան­կա­խու­թեան եւ նման «հին­ցած հար­ցեր»ու մա­սին:
***
(«Հի­ներ»ու ցան­կը կ’եր­կա­րի օրէ օր, վեր­ջերս անոր վրայ ար­ձա­նագր­ուե­ցան նա­եւ տասն­եակ տա­րի­ներ առաջ տնկ­ուած եւ բեր­քա­ռատ… պտ­ղա­տու ծա­ռեր: Փա­շին­եան խրատ տուած է գիւ­ղա­ցի­նե­րուն, որ իրենց պար­տէզ­նե­րուն ծա­ռե­րը կտ­րեն, կա­ռա­վա­րու­թիւնը պատ­րաստ է «սեր­թի­ֆի­քաց­ուած»` վկայ­եալ տն­կի­ներ ձր­ի­ա­բար տրա­մադ­րե­լու անոնց, որ­պէս­զի աւե­լի արիւ­նա­բեր ծա­ռեր հասց­նեն` չես գի­տեր քա­նի տա­րի բեր­քէ զրկ­ուե­լու գնով: Պէտք է նա­եւ որ­դեգ­րեն կա­թի­լա­յին ջր­տու­քի դրու­թիւն, այ­լա­պէս օգ­տա­կար եւ ող­ջու­նե­լի, սա­կայն նա­եւ «հի­նե­րուն» օրով օգ­տա­գոր­ծուող:
Կա­տա­կա­սէր մը հարց տուած է, թէ առա­ջարկ­ուած տն­կի­նե­րը արդ­եօք հա­մալ­սա­րա­նա­կան ի՞նչ վկա­յա­կան պի­տի ու­նե­նան, ամե­րիկ­եան ո՞ր հա­մալ­սա­րա­նէն, յե­տոյ, ով ի՞նչ շահ պի­տի ապա­հո­վէ կա­ռա­վա­րու­թեան սն­տու­կէն…):
***
Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յայտ­նա­պէս ամէն մի­ջո­ցի կը դի­մեն, որ­պէս­զի ընդ­դի­մա­դիր երես­փո­խան­ներ եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ չմաս­նակ­ցին այլ եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցող տար­բեր հա­մա­գու­մար­նե­րու, ուր օրա­կար­գի վրայ պի­տի ըլ­լայ (կամ կր­նայ ըլ­լալ) նա՛եւ Ար­ցա­խի տագ­նա­պը, Հա­յաս­տա­նի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան եւ յա­րա­ճուն թշ­նա­ման­քը:
Յայտ­նա­պէս մտա­վա­խու­թիւն կայ, որ ընդ­դի­մա­դիր­ներ կր­նան դառն իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը սե­ղա­նի վրայ դնել եւ խան­գա­րել իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու` «մենք խա­ղա­ղու­թեան դա­րաշր­ջան պի­տի բա­նանք»ի սուտ ու անր­ջա­յին վար­քա­գի­ծը:
Քիչ մը զար­մա­նա­լի է, թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս ար­տօ­նած են, որ Լա Հէ­յի Մի­ջազ­գա­յին Դա­տա­րա­նին մէջ, Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը իրա­ւա՛մբ հան­դէս գայ Ատր­պէյ­ճա­նը դա­տա­պար­տո­ղի, յե­րիւ­րանք­նե­րը հեր­քո­ղի եւ անց­եա­լի ու նո­րա­գոյն թշ­նա­մանք­նե­րը ցան­կագ­րո­ղի դիր­քէն: (Բնա­կա­նա­բար չկայ հայ մը, որ չձայ­նակ­ցի հայ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին եւ անոր զօ­րակ­ցող-ձայ­նակ­ցող օտար օրէնս­գէտ­նե­րուն, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու):
…Բայց ո՞վ է այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ինք­նա­հա­կա­սում­նե­րուն եւ իրա­կա­նու­թե­նէ կտր­ուա­ծի քայ­լե­րուն հաշիւը պա­հո­ղը:
***
17 Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած տե­ղա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, իշ­խա­նա­կան` Քա­ղա­քա­ցիական Պայ­մա­նա­գիր կու­սակ­ցու­թեան կրած նա­հան­ջը աչ­քա­ռու է, չը­սե­լու հա­մար աւե­լին: Օրի­նակ, Գո­րի­սի մէջ, ուր դարձ­եալ Երե­ւա­նէն բեր­ուած ոս­տի­կան­ներ փոր­ձած են կա­ցու­թիւն ստեղ­ծել ի նպաստ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն, բան­տարկ­եալ քա­ղա­քա­պե­տին ցան­կը յաղ­թա­նա­կած է: Իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը նա­հանջ ար­ձա­նագ­րած են նա­եւ այ­լուր, կր­նան որոշ գո­հու­նա­կու­թիւն ապ­րիլ, որ իրենց հա­մա­կիր­ներ որոշ շա­հեր ապա­հո­ված են հոս-հոն, իսկ իրենք ալ շա­հեր ու­նե­ցած են որոշ շր­ջան­նե­րու մէջ (այ­լա­պէս ոչ զար­մա­նա­լի):
Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քին առա­ջին մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կ’ըսեն, որ ընտ­րող­նե­րուն «աչ­քե­րը սկ­սած են բաց­ուիլ», մար­դիկ հի­մա խոս­տում­նե­րու դր­ժումն ու հայ­րե­նի­քին կրած կո­րուստ­նե­րը սկ­սած են աւե­լի յս­տակ տես­նել: Եթէ սա դրա­կան զար­գա­ցում է, կայ նա­եւ ան­հա­ճոն: Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած են քու­է­ար­կե­լու իրա­ւունք ու­նե­ցող­նե­րուն հա­զիւ 33 առ հա­րիւ­րը (կանգ չառ­նենք այ­լա­զան մեկ­նու­թիւն­նե­րուն վրայ), մեծ ընտ­րա­տա­րածք­նե­րու մէջ նա­խա­պատ­ւու­թիւն տա­լով ոչ-իշ­խա­նա­կան­նե­րու:
Ու­շագ­րաւ է, որ վտանգ­ուած հա­րա­ւին մէջ քու­է­ար­կող­նե­րուն թիւը զգալի­օ­րէն բարձր է, քան «ապա­հով» նկա­տուող շր­ջան­նե­րը:
…Մնաց­եա­լին «աչք բա­նա­լու» կարգն ալ կու գայ (յու­սանք «…գոր­տին աչ­քը դուրս գա­լէն» առաջ):
Ս. Մահսերէճեան