Ուա­շինկ­թը­նի Ճորճ­թաուն հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան թեր­թը` «Հո­յա», անց­եալ շա­բաթ հրա­պա­րա­կեց քն­նա­կան ծա­ւա­լուն յօդ­ուած մը թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան ստեղ­ծած Թր­քա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի փակ­ման մա­սին: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ յօդ­ուա­ծի աւար­տին նշ­ուած էր, որ զայն գրած են Լի­ամ Սքաթ եւ գրող այլ աշ­խա­տա­կից մը, որ «խնդ­րած է չյայտ­նել իր անու­նը` Թուրք­իոյ մէջ ապա­հո­վու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րէ մեկ­նած»:
Թէ­եւ տու­եալ հիմ­նար­կը Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ստեղծ­ուած էր Թուրք­իոյ մա­սին դրա­կան պատ­կեր ձե­ւա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, սա­կայն վերջ գտաւ իր իսկ ամե­րիկ­եան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն զայ­րոյթ պատ­ճա­ռե­լով, երբ Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը որո­շեց փա­կել զայն:
1982-ին, Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը Ճորճ­թաուն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ հի­մը դրաւ Թր­քա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կին (ITS)` յատ­կաց­նե­լով 3 միլի­ոն տո­լար: Նպա­տակն էր` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Թուրք­իոյ մա­սին պատ­շաճ պատ­կեր ստեղ­ծել, իր շուրջ խմ­բե­լով ամե­րի­կա­ցի այն ակա­դե­մա­կան­նե­րը, որոնք ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կ’իրա­կա­նաց­նէ­ին թր­քա­կան թե­մա­նե­րով եւ նիւ­թա­պէս զօ­րակ­ցիլ անոնց: Հիմ­նադր­ուե­լէն ի վեր, ITS տա­րե­կան ծախ­սած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 350 հա­զար տո­լար` 19 հա­մալ­սա­րան­նե­րու 400 դա­սա­խօս­նե­րու տա­լով «դրա­մաշ­նորհ­ներ, կր­թա­թո­շակ­ներ, նպաստ­ներ եւ նախ­նա­կան ֆի­նան­սա­ւո­րում»` թր­քա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը խթա­նե­լու նպա­տա­կով գիր­քեր եւ ամ­սա­գիր­ներ հրա­տա­րա­կե­լու հա­մար: Այս առի­թով ITS յայ­տա­րա­րեց, որ հիմ­նար­կը «առանց­քա­յին դեր խա­ղա­ցած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու` ՆԱ­ԹՕ-ի գլ­խա­ւոր դաշ­նա­կից Թուրք­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մա­սին գի­տե­լիք­նե­րու եւ ըմբռն­ման խթան­ման գոր­ծին մէջ»:
Զար­մա­նա­լի չէ, որ ITS իր կա­ռա­վա­րիչ­նե­րու խոր­հուր­դի պատ­ուա­ւոր նա­խա­գահ նշա­նա­կած էր ԱՄ­Ն-ի մէջ Թուրք­իոյ դես­պա­նին` վե­րահս­կե­լու հա­մար անոր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը եւ ֆի­նան­սա­ւոր­ման որո­շում­նե­րը: Խոր­հուր­դը բաղ­կա­ցած էր Ամե­րի­կա­յի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան նախ­կին նշա­նա­ւոր պաշ­տօն­եա­նե­րէն եւ օս­ման­եան ու ժա­մա­նա­կա­կից թր­քա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բեր­եալ ամե­րի­կա­ցի հռ­չա­կա­ւոր դա­սա­խօս­նե­րէն: ITS-ի առա­ջին գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխ­տող Հիթ Լաու­րին էր:
1985-ին, ես ներ­քաշ­ուե­ցայ ITS-ի հետ իրա­ւա­կան վէ­ճի մը մէջ, երբ «Քա­լի­ֆորն­իա Քուրի­ըր» թեր­թին մէջ գրե­ցի` «Թուր­քե­րը ինչ­պէ՞ս կ’օգ­տա­գոր­ծեն մեր հար­կա­յին տո­լար­նե­րը մեր դէմ» վեր­նագ­րով խմ­բագ­րա­կան մը, ուր մատ­նան­շե­ցի, որ ITS-էն դրա­մա­կան պար­գեւ­ներ ստա­ցած դա­սա­խօս­նե­րէն շա­տեր այն նոյն մար­դիկն էին, որոնք ստո­րագ­րած էին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխ­տող յայ­տա­րա­րու­թիւն մը: Յայ­տա­րա­րու­թիւնը իբ­րեւ վճա­րո­վի ծա­նու­ցում հրա­պա­րակ­ուած էր «Ուա­շինկ­թըն Փոսթ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» թեր­թե­րու մէջ, 19 Մա­յիս 1985-ին: Լաու­րի ներգ­րաւ­ուած էր այս յայ­տա­րա­րու­թեան պատ­րաստ­ման եւ անոր հա­մար ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րու հա­ւաք­ման մէջ: Յօդ­ուա­ծիս մէջ ըսի, որ յայ­տա­րա­րու­թեան 69 ստո­րագ­րող­նե­րէն քսա­նը տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր տո­լար­ներ ստա­ցած են ITS-էն: Այս ծա­նուց­ման մէջ Լաուրիի դե­րը եղած է խախ­տում` ITS-ի հար­կե­րէ զուրկ կար­գա­վի­ճա­կի, որ օրէն­քով կ’ար­գի­լէր քա­ղա­քա­կան լոպի­ինկ իրա­կա­նաց­նել այն ատեն, երբ ԱՄՆ Գոնկ­րե­սը կը քն­նար­կէր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ բա­նա­ձե­ւին ըն­դու­նու­մը: ITS նա­եւ հա­կա­սեց իր իսկ յայ­տա­րա­րու­թեան, թէ` «ան չի ձգ­տիր ազ­դել օրէնսդ­րու­թեան վրայ կամ պաշտ­պա­նել որո­շա­կի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կամ օրա­կար­գեր»:
Հա­կա­ռակ անոր, որ այդ ժխ­տո­ղա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւնը ստո­րագ­րած մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն ստա­ցած գու­մար­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւնը ես ձեռք բե­րած էի ITS-ի մէկ գր­քոյ­կէն, ITS թեր­թիս խմ­բագ­րութ­եան յղեց նա­մակ մը, որով կը սպառ­նար ին­ծի դէմ լուրջ դա­տա­կան հայց ներ­կա­յաց­նել, եթէ չհ­րա­պա­րա­կէի ծա­ւա­լուն դր­ժում մը իմ կող­մէս, բան մը, որ մեր­ժե­ցի ընել: ITS հրա­ժա­րե­ցաւ հայ­ցի գա­ղա­փա­րէն:
«Հո­յա» թեր­թին մէջ հրա­պա­րակ­ուած յօդ­ուա­ծով ման­րա­մասն տու­եալ­ներ ներ­կա­յաց­ուած են ITS-ի փուլ գա­լուն մա­սին, որ ինք­նին թր­քա­կան քա­րոզ­չա­կան նա­խա­գիծ էր` քո­ղարկ­ուած որ­պէս ակա­դե­մա­կան գործ: Հիմ­նար­կը փակ­ուե­ցաւ Սեպ­տեմ­բեր 2020-ին, որով­հե­տեւ անոր խոր­հուր­դին մաս կազ­մող կարգ մը ան­կախ դա­սա­խօս­ներ հրա­ժա­րած էին հե­տե­ւիլ թր­քա­կան կա­ռա­վա­րութ­եան ցուց­մունք­նե­րուն:
«Հո­յա» այս մա­սին գրած է, որ «ըստ ITS-ի նախ­կին գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Սի­նան Չիտտիի եւ ITS-ի խոր­հուր­դի նախ­կին ան­դամ­ներ Ուալ­թըր Տենիի եւ Սթիւըն Քու­քի` ITS-ի ֆի­նան­սա­ւոր­ման դադ­րեց­ման մա­սին Թուրք­իոյ որո­շու­մը կա­յա­ցաւ Էր­տո­ղա­նին կու­րօ­րէն սա­տա­րե­լու եւ հա­ւա­տար­մօ­րէն գոր­ծադ­րե­լու կա­ռա­վա­րա­կան ճն­շում­նե­րու աճ­ման ըն­թաց­քին: Անոնք ըսին, որ ITS յայտն­ուած էր կա­ռա­վա­րու­թեան բռ­նաճն­շում­նե­րու կրա­կին տակ, բան մը, որ կը բնո­րո­շէ Էր­տո­ղա­նի` օր աւուր աճող բռ­նա­կալ Թուրք­ի­ան»:
Ճորճ­թաունի թր­քա­գի­տու­թեան փրո­ֆե­սըր Չիտ­տի «Հո­յա» թեր­թին յայտ­նեց, որ ITS ի սկզ­բա­նէ ան­կախ մի­ա­ւոր մըն էր, որ կը գոր­ծէր Ճորճ­թաուն հա­մալ­սա­րա­նէն դուրս: Հե­տա­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նը «ITS-ի տրա­մադ­րեց գրա­սեն­եա­կա­յին տա­րածք եւ վար­չա­կան աջակ­ցու­թիւն, սա­կայն հա­մալ­սա­րա­նը խօսք չու­նէր հիմ­նար­կի գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ: Ճորճ­թաուն նա­եւ ամ­բող­ջա­ցուց հիմ­նար­կի գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նի ամ­սա­կան վճա­րու­մը միայն ան­կէ ետք, երբ ITS կորսն­ցուց Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թիւնը»: Փրոֆ. Ճե­նի Ուայթ, որ մօ­տա­ւո­րա­պէս 20 տա­րի ծա­ռա­յած է ITS-ի խոր­հուր­դին մէջ, «Հո­յա»յի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց, որ ITS «լա­ւա­գոյն ծա­նու­ցումն էր, որ կր­նար ըլ­լալ Թուրք­իոյ հա­մար»:
2006-ին, Պինկ­համ­թըն հա­մալ­սա­րա­նի նախ­կին փրո­ֆե­սըր Տա­նըլտ Քուա­թըրթ հրա­ժա­րե­ցաւ ITS խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նէն` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը պն­դե­լէ ետք, կ’ըսէ «Հո­յա»: Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան ակա­դե­մա­կան ազա­տու­թեան յանձ­նա­խում­բը, այդ օրե­րու վար­չա­պետ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի յղած բաց նա­մա­կին մէջ բո­ղո­քած էր, որ «Քուա­թըրթ հրա­ժա­րա­կան տուաւ թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ճն­շում­նե­րուն պատ­ճա­ռով: ITS-ի խոր­հուր­դի քա­նի մը այլ ան­դամ­ներ հրա­ժա­րա­կան տուին` ի պաշտ­պա­նու­թիւն Քուա­թըր­թի»:
Երբ Էր­տո­ղան դար­ձաւ աւե­լի կե­ղե­քող, թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը հիմ­նար­կը դի­տեց որ­պէս Թուրք­իոյ ոչ ձեռն­տու ակա­դե­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ֆի­նան­սա­ւո­րում: Մա­յիս 2015-ին, ԱՄ­Ն-ի մէջ Թուրք­իոյ դես­պան Սեր­տար Քը­լըչ, Ուա­շինկ­թը­նի մէջ Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տան հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցած կի­սամ­եա­կա­յին ընթ­րի­քին բո­ղո­քած է ITS-ի նա­խա­գահ Ռաս Ուիլ­սը­նի դէմ այն մա­սին, որ «ITS-ի կող­մէ վեր­ջերս կա­տար­ուած կարգ մը աշ­խա­տանք­ներ բա­ցա­սա­կան էին Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան հան­դէպ եւ (ան) հե­տաքրք­րու­թիւն դր­սե­ւո­րեց ITS-ի աշ­խա­տանք­նե­րը քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով յօ­գուտ կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղե­լու առու­մով», ինչ­պէս հա­ղոր­դած է «Հո­յա»:
Այ­նու­հե­տեւ դես­պան Քը­լըչ չեղ­եալ յայ­տա­րա­րած է 2015-ի աշ­նան նա­խա­տես­ուած ITS-ի ընթ­րի­քը: Վեր­ջա­պէս, «Սեպ­տեմ­բեր 2015-ի սկիզ­բը, Սալց­ման եւ Էվինչ` ԱՄ­Ն-ի մէջ Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տու­նը ներ­կա­յաց­նող Ուա­շինկ­թը­նի փաս­տա­բա­նա­կան գրա­սեն­եա­կէն», հիմ­նար­կին փո­խան­ցած են, որ թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը այ­լեւս նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ պի­տի չկանգ­նի ITS-ի: Աւե­լի ուշ, Քը­լըչ նա­մակ մը յղած է` հաս­տա­տե­լով ֆի­նան­սա­ւոր­ման աւար­տը:
«Իսկ երբ Թուրք­իա դադ­րե­ցուց կազ­մա­կեր­պու­թեան ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը, (Ճորճ­թաուն հա­մալ­սա­րա­նի) Ար­տա­քին ծա­ռա­յու­թեան դպ­րո­ցը ITS-ի տրա­մադ­րեց ֆի­նան­սա­կան եւ վար­չա­կան լրա­ցու­ցիչ աջակ­ցու­թիւն», ըսած է «Հո­յա»: Հե­տե­ւա­բար, ITS բա­ւա­րար մի­ջոց­ներ ու­նէր իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը շա­րու­նա­կե­լու մին­չեւ 30 Սեպ­տեմ­բեր 2020, երբ վերջ­նա­կա­նա­պէս փա­կեց իր դռ­նե­րը:
Թր­քա­գի­տու­թեան մա­սին այս ձա­խո­ղած հիմ­նար­կին եր­կար պատ­մու­թիւնը պէտք է դաս ըլ­լայ բո­լոր հա­մալ­սա­րան­նե­րուն, որ­պէս­զի չկրկ­նեն Ճորճ­թաունի սխա­լը: Այն, որ վեր­ջինս ող­ջու­նած է իր ակա­դե­մա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­կա­ռակ քա­ղա­քա­կան դր­դա­պատ­ճառ­ներ ու­նե­ցող նա­խա­գիծ մը: Պարզ է, որ ակա­դե­մա­կան­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մի­ա­խառ­նու­մը եր­բեք լաւ ար­դիւնք չի տար…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց` Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց` Սեդա Գրիգորեան
Յարութ Սասունեան