Քրիստոս անօրէններուն ու յանցաւորներուն համար մեռաւ
Նոյն պարագան է, որ այժմ կը կատարուի Նոր Կտակարանին մէջ, սակայն քիչ մը տարբեր պատկերով: Ասոր էր, որ ակնարկեց Նաթան մարգարէն, երբ ըսաւ Դաւիթ թագաւորին. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս» (Բ.Թգ 12.13):
Ոչխարին մարդուն փոխարէն մորթուելու գաղափարը խորհրդանշական է միայն: Որովհետեւ ոչխարը ոչինչով կը հաւասարի մարդուն արժէքին եւ բնութեան, ո՛չ ալ որեւէ էութենական միութիւն կայ մարդուն եւ ոչխարին միջեւ: Սակայն խորհրդանշական մակարդակի վրայ կարելի է ընդունիլ անմեղի մահը մեղաւորին փոխարէն:
Ինչո՞ւ անմեղ ոչխարը, որ մեղք չէ գործած, կը մորթուի եւ ամբոջութեամբ կ’այրուի, ճարպը պատարագի սեղանին վրայ կը դրուի եւ մնացեալը զոհագործման վայրէն դուրս կը տարուի. պատճառը այն է, որ ան մարդոց մեղքը իր վրայ կը կրէր: Եւ եթէ մարդուն մեղքը կրէր, անպայմանօրէն պէտք է մեռներ եւ աստուածային կրակը զինք լափէր, որպէսզի ոչնչացնէր այն մեղքը, որ ինք կը կրէր:
Նոր Կտակարանի հասկացողութեան այդ կրակը պարզապէս խորհրդանիշ է. աստուածային կրակին խորհրդանիշը, որ Ս. Հոգիին եւ աստուածային արդարութեան կրակն է, որ մեղքին պատիժը կ’առնէ եւ կամ մարդուն կեանքէն մեղքը կ’այրէ եւ զայն մեղքէն կը մաքրէ ու կը սրբէ:
Աստուծոյ նպատակն էր դաստիարակել մարդկութիւնը եւ յստակացնէր անոր ամէնօրեայ կրկնուող արիւնի գաղափարը, որովհետեւ հազարաւոր զոհեր կը պատարագուէին իսրայէլի ժողովուրդին գործած մեղքերուն քաւութեան համար, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Օրէնքին համաձայն` գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ’ըլլար» (Եբր 9.22):
Այս խոր ուսուցումը, որ երկար ժամանակամիջոցի ընթացքին տրուեցաւ եւ ժողովուրդը այն կիրառեց դարեր շարունակ հիմնական նպատակ ունէր շատ աւելի խոր կերպով դաստիարակելու մարդկային միտքն ու ըմբռնումը եւ պատրաստելու զանոնք, որպէսզի ընդունին ճշմարիտ փրկչին արիւնով կատարուած զոհագործութեան եւ փրկութեան խորհուրդը. «Աստուծոյ Գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յհ 1.29):
Սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէ. «Եթէ մեղքի մէջ ինկար, ապա ուշադիր եղիր, թէ ի՛նչ պէտք է ընես վերստին կանգնելու համար: Բազմաթիւ են այն մարդիկը, որոնք կը փափաքին Դաւիթին հետ իյնալ (մեղքի մէջ), սակայն կը մերժեն անոր հետ ոտքի կանգնիլ: Դաւիթ երբեք մեղքի մէջ իյնալու օրինակ չէ, այլ ոտքի կանգնելու` եթէ պատահի որ ինկար: Սակայն զգուշացէք, որ յանկարծ ձեր անկումը փոքրերուն ցնծութեան եւ ուրախութեան առիթ չըլլայ, այլ` այնպիսի վախի ու սարսափի, որ զիրենք փրկութեան կ’առաջնորդէ»:
Նոր հանգրուան մը Դաւիթի կեանքէն
Դաւիթի կեանքին մէջ նոր հանգրուան մը կը սկսի եւ այդ ալ ապաշխարութեան, հեծեծանքի եւ մեղքին վրայ լալու հանգրուանն է, որուն մէջ ան կ’ըսէ. «Հեծեծելէն յոգնեցայ, ամէն գիշեր ես լացով լուացի ի մահիճս, եւ իմ արցունքներովս թրջեցի անկողինս: Աչքս մաշեցաւ ողբալէն, տկարացաւ նեղութիւններէս: Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, որ անիրաւութիւն կը գործէք, որովհետեւ Տէրը լսեց իմ լացս, Տէրը լսեց իմ աղօթքս, եւ խնդրանքս ընդունեց: Թող ամչնան ու սարսափի մատնուին բոլոր թշնամիներս. ամօթով մնան եւ իսկոյն հեռանան» (Սղ 6.6-9):
(շար.10)
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան