Թի՛ք-թա՛ք, թի՛ք-թա՛ք, թի՛ք-թա՛ք… ժա­մա­ցոյ­ցի սլաք­նե­րը կը մր­ցին իրա­րու հետ: Ժա­մա­նա­կը կ’անց­նի, կը վա­զէ` ար­ձա­նագ­րե­լով բազ­մա­թիւ յի­շա­տակ­ներ, ըլ­լան անոնք վատ կամ լաւ, ցա­ւա­լի կամ զուար­ճա­լի:
Առա­ւօտ­եան, երբ մեր աչ­քե­րը բա­նանք` մեր առա­ջին պար­տա­կա­նու­թիւնը թող ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ փառք տա­լը:
Նմանց­նենք այդ օրը մա­քուր ու ճեր­մակ էջի մը եւ զար­դա­րենք այդ էջը զա­նա­զան գոյ­նե­րով:
Ապ­րի՛նք այդ օրը, զգա՛նք ժա­մա­ցոյ­ցի սլաք­նե­րը, չմ­տա­ծենք ո՛չ վաղ­ուան, ոչ ալ երէկ­ուան մա­սին, լեց­նենք մեր սուղ վայրկ­եան­նե­րը օգ­տա­շատ բա­նե­րով եւ շա­րու­նա­կենք այդ մա­քուր էջը բաց պա­հել բո­լոր դրա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն համար:
Ժա­մա­նակ տրա­մադ­րենք նա­եւ մեր սի­րե­լի­նե­րուն ու բա­րե­կամ­նե­րուն, որոնք այ­սօր ներ­կայ են, իսկ վա­ղը` յուշ մը մեր յու­շա­տետ­րին մէջ` կեան­քի զա­նա­զան պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով:
Մենք մեր նա­խա­ձե­ռնող ոգի­ով կր­նանք հարս­տաց­նել մեր օրը կա­ռու­ցո­ղա­կան գոր­ծե­րով կամ ար­ժեզր­կել զայն ան­հե­թե­թու­թիւն­նե­րով..
Ար­ժե­ւո­րե­ցէ՛ք ձեր թան­կա­գին վայրկ­եան­նե­րը, ապ­րե­ցէ՛ք ու­րա­խու­թեամբ եւ սի­րով լե­ցուն կեանք մը:
Աւօ Պօղոսեան